Յունուար 24-ին, «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ զրոյցին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հաստատած է, թէ Ազերպայճան խնդիրներ կը տեսնէ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրին մէջ։
“Բարձրաձայն էլ իրենք այդ մասին ասել են, այո՛, իրենք համարել են, որ դա խնդիր է, եւ իրաւական հարցեր են ներկայացրել։ Մենք էլ համապատասխանաբար նոյն կերպ խնդրայարոյց ենք համարել իրենց մօտ եղած ձեւակերպումները”,– ըսած է ան։
Հայաստանի ներկայի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ յղում կը կատարուի Անկախութեան հռչակագրին, ուր յիշատակում կայ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորման մասին:
Ազերպայճանի Սահմանադրութեան մէջ նոյնպէս յղում կը կատարուի այդ երկրի Անկախութեան հռչակագրին, ուր կ՚ըսուի, թէ Ազերպայճան ոչ թէ Խորհրդային, այլ 1918-ի Ազերպայճանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան իրաւայաջորդն է, եւ թէ այն ժամանակ իշխանութիւնը տարածուած էր այն հողերուն վրայ, որոնք այժմ Հայաստանի մէկ մասը կը կազմեն։ Խօսքը նաեւ Սիւնիքի մասին է:
“Ընդհանուր խաղաղութեան գործընթացին համար երկու կողմերն էլ միւսների դաշտում նկատել են իրաւական խնդիրներ եւ տեղեկացրել են այդ մասին, երկուսն էլ համապատասխանաբար տուել են պարզաբանումներ։ Այդպիսի քննարկումներ դեռ վստահաբար կը լինեն”,– նշած է Արտաքին գործոց նախարարը։
Ան դիտել տուած է, որ Սահմանադրութիւնը Հայաստանի ներքին յարաբերութիւններու կազմակերպման սկզբունքները կը ճշդէ, բայց կրնայ նաեւ ազդեցութիւն ունենալ տարածաշրջանային կամ Հայաստան-աշխարհ յարաբերութիւններուն վրայ։
“Ես այդ ազդեցութիւնն ու այդ յարաբերութիւնը չեմ ժխտում, բայց ուզում եմ ասել, որ այդպիսի պահանջ կամ նախագիծ չկայ խաղաղութեան պայմանագրում”,– վստահեցուցած է նախարարը։
Ազերպայճանագէտ. «Ազերպայճան կը պահանջէ, որ Հայաստան՝ Սահմանադրութեամբ հրաժարի Արցախի նկատմամբ իր իրաւունքներէն»
«Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ զրոյցին, ազերպայճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան համոզում յայտնած է, թէ «Ազերպայճան կը պահանջէ, որ Հայաստան՝ Սահմանադրութեամբ հրաժարի Արցախի նկատմամբ իր իրաւունքներէն։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ իրականութեան մէջ խուսափելով խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելէ, միաժամանակ կ՚ուզէ, որ Հայաստան Սահմանադրութեամբ ամրագրէ, որ հետագային Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն պիտի չխօսի Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իր իրաւունքներուն մասին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։