Հոկտեմբեր 4-ին, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է Հայաստանի, ԱՄՆ-ու եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի եւ Ճեյհուն Պայրամովի հեռաձայնային զրոյցը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ կողմերը կարծիքներու փոխանակում ունեցած են հոկտեմբեր 2-ին Ժընեւի մէջ կայացած տեսակցութեան վերաբերեալ:
Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազերպայճանական զինեալ ուժերու հեռացման, Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու շուտափոյթ հայրենադարձման ու հրադադարի անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Շեշտուած է ուժի կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու կարգաւորման անընդունելիութիւնը:
Նոր յարձակումներու կանխարգիլման համածիրին մէջ ընդգծուած է սահմանային իրավիճակի մնայուն դիտարկման եւ վերահսկողութեան միջազգային գործիքակազմերու ներդրման կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման եւ Ստեփանակերտի ու Պաքուի միջեւ քննարկումներու հարթակի ստեղծման առնչուող հարցին:
Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու քննարկումները՝ ի նպաստ Հարաւային Կովկասի կայունութեան և անվտանգութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։