Search
Close this search box.

«Մոնոփոլի Հայաստան»

Առաջին անգամ ըլլալով յառաջիկայ օրերուն վաճառքի պիտի հանուի «Մոնոփոլի» հանրածանօթ խաղի՝ Հայաստանի պատշաճեցուած տարբերակը՝ «Monopoly Armenia»:

Խաղը պատրաստուած է «Հասպրօ»-ի, «Իմփէքթ Փրոմօ»-ի եւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան յանձնախումբի համագործակցութեամբ:

Հեղինակները խաղի մասնակիցներուն կը խոստանան հետաքրքրական ճամբորդութիւն մը հայկական մշակոյթի, պատմութեան ու տեսարժան վայրերուն մէջ:

Այսպէս, խաղացողները Արարատ լեռան մօտէն «կը սաւառնին» Երեւանի պողոտաները, ձեռք կը բերեն սեփականութիւն եւ կը կառուցեն իրենց հարստութիւնը, կը մրցին վերջնական յաղթանակի համար: 

Խաղը կարելի է ձեռք բերել առցանց մինչեւ Սեպտեմբեր 30, դիմելով հետեւեալ հասցէին՝

https://www.impactpromos.games/