«Մոռցէ՛ք Ֆրանսան. Հայաստան գինեգործութեան կեդրոնն է»

«Եւրոնիուզ»-ի անդրադարձը՝ հայկական գինեգործութեան մասին

«Մոռցէ՛ք Ֆրանսան. Հայաստան գինեգործութեան կեդրոնն է»։ Այսպէս վերնագրած է «Եւրոնիուզ» միջազգային լրացանցը իր անդրադարձը՝ հայկական բարձրաւանդակը գինեգործութեան հնագոյն հայրենիքը համարելով։

Լրասփիւռը կը պատմէ հայկական 8.000-ամեայ խաղողագործութեան աւանդութիւններու եւ 6.000-ամեայ գինեգործական մշակոյթի մասին, աւելցնելով որ՝ գինիի մասին մտածելու ժամանակ՝ պէտք չէ մոռնալ գինեգործական ամէնէն հին շրջաններէն մէկը՝ Հայաստանը։

«Եւրոնիուզ» կ՚ընդգծէ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ վերջերս բացուած գինիի պատմութեան թանգարանը պահուող բացառիկ ցուցանմուշները այցելուները կը փոխադրեն դէպի հայկական գինեգործութեան անցեալը, եւ գերժամանակակից լուծումներու շնորհիւ ցոյց կու տան տարածաշրջանի, կրօնի, մշակոյթի և բժշկութեան խորին կապը հայկական գինիին հետ:

«Թանգարանը կը գտնուի Երեւանէն ընդամէնը 30 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ «Armenia Wine» գինեգործատան մէջ, հաստատուած՝ 8 մեթր խորութեամբ պազալթէ ժայռերու մէջ․ երբ կ՚անցնիս գետնափոր փապուղիէն,  քեզի այնպէս կը թուի, թէ կը մտնես գինիի հսկայ  մառան մը»,– կը նշէ լրասփիւռը եւ կ՚աւելցնէ.– «Թանգարանը գտնուող պատմահնագիտական եւ ազգագրական նմուշները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս գինին Հայերուն ուղեկցած է օրօրոցէն մինչեւ թաղման ծէսեր»։

Կարեւոր նկատելով հնագոյն գինեգործութեան մշակոյթը միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու թանգարանին միտումը, «Եւրոնիուզ» կը շեշտէ նաեւ մատենագրութեան առկայութիւնը, որ կը փաստէ, թէ Հայաստան իսկապէս գինեգործութեան բնօրրանն է։