Search
Close this search box.

Մոսկուայի համերգասրահներէն մէկուն մէջ ահաբեկչական արարք. 150-է աւելի մեռեալ, բազմահարիւր վիրաւորներ

Մարտ 22-ի երեկոյեան, ահաբեկիչներ յարձակած են Մոսկուայի «Crocus City Hall» համերգասրահին վրայ, ուր տեղի կ՚ունենար համերգ մը, ըստ վաճառուած տոմսերու քանակին՝ աւելի քան 6.000 հանդիսականներու ներկայութեամբ։ Տակաւին վերջնապէս չհաստատուած տուեալներու համաձայն՝ հինգ ահաբեկիչներ ներխուժած են համերգասրահ, կրակ բացած են ամէն կողմ, միաժամանակ արձակելով հրձիգ ռումբեր, որու հետեւանքով ալ բաւական մեծ հրդեհ մը ծագած է, ա՛լ աւելի քաոսային դարձնելով միջավայրը։ Մարտ 23-ին կը հաղորդուէր, թէ զոհերու թիւը 150-է աւելի է. կան նաեւ բազմահարիւր վիրաւորներ։ 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Մարտ 23-ի տուեալներով տուժածներու եւ զոհերու մէջ Հայաստանի քաղաքացի եւ Հայեր չկայ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս դէպքին կապակցութեամբ ցաւակցական հեռագրեր յղած են նախագահ Վլատիմիր Փութինին, դատապարտելով խաղաղ բնակչութեան դէմ կատարուած անմարդկային յանցագործութիւնը։

Դէպքէն անմիջապէս ետք, Մոսկուա եւ Քիեւ զիրար ամբաստանած են արարքին պատասխանատւութեան համար։ Մինչ Ռուսաստանի նախկին նախագահ, ներկայիս՝ Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 2-ը՝ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ Ռուսաստան «պիտի ոչնչացնէ» Ուքրաինայի առաջնորդները, եթէ պարզուի, որ անոնք են յարձակման պատասխանատուները, Քիեւ ալ պնդած է, թէ արարքին ետին անկասկած կը գտնուին Մոսկուայի իշխանութիւնները, պատահածին պատասխանատւութիւնը Քիեւի վրայ բարդելով՝ պատերազմը աւելի թէժացնելու նպատակով։

Դեռ վերջնապէս հաստատուած չըլլալով հանդերձ, կ՚ըսուէր, թէ յարձակումը ստանձնած է «Իսլամական պետութիւն» ահա-բեկչական խմբաւորումը։ Ռուսական ապահովութեան սպասարկութիւնները ձերբակալած էին դէպքին առնչուած 11 հոգի, որոնցմէ չորսին համար կ՚ըսուէր, թէ արարքի հեղինակներէն են։