Search
Close this search box.

ՄՈՍԿՈՒԱ. ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու առաջնորդներու հանդիպումը

ՀՀ վարչապետը իր ելոյթին արծարծած է ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու կողմէ Հայաստանի ոչ-բարեկամ երկրին զէնքի վաճառքի խնդիրը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 16-ին Քրեմլինի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու առաջնորդներու հանդիպումին: Ան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է.-

«Ընդհանուր առմամբ, պէտք է ըսել, որ ՀԱՊԿ-ի պատմութեան մէջ դրական շատ բան կայ, քանի որ ան տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ կարեւորագոյն գործօն:

Ինչ կը վերաբերի համագործակցութեան եւ արագ արձագանգման գործիքակազմերուն՝ այդ ալ նոյնպէս շատ կարեւոր հարց է Հայաստանի համար, քանի որ ինչպէս գիտէք, անցեալ տարի այս օրերուն Ազերպայճանի զօրքերը ներխուժեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, եւ Հայաստան դիմեց ՀԱՊԿ-ին՝ նախատեսուած գործիքակազմերը գործարկելու համար: Սակայն, ցաւօք, չենք կրնար ըսել, որ Կազմակերպութիւնը արձագանգեց այնպէս՝ ինչպէս կ՚ակնկալէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Նաեւ երկար ժամանակ մենք կը բարձրացուցինք ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու կողմէ Հայաստանի համար ոչ-բարեկամ երկրին զէնքի վաճառքի խնդիրը: Այդ զէնքը ի վերջոյ օգտագործուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ: Անկեղծօրէն, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արձագանգը 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն ետք այնքան ալ չոգեւորեց Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայ ժողովուրդը:

Բայց ես կ՚ուզեմ ընդգծել Ռուսաստանի եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առանձնայատուկ դերը Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը դադրեցման մէջ, եւ անգամ մը եւս կը հաստատեմ, թէ Հայաստան պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ 2020 Նոյեմբեր 9-ի, ինչպէս նաեւ 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն:

Հայաստան իբրեւ ՀԱՊԿ-ի հիմնադիր անդամ` Կազմակերպութիւնը կը համարէ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման առանցքային գործօն՝ Եւրասիական տարածաշրջանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Մենք դրական տրամադրութեամբ ամբողջ ուժով պիտի աջակցինք Կազմակերպութեան եւ անոր հետագայ զարգացման ուղղութեամբ»։

Հանդիպման աւարտին ՀԱՊԿ-ի առաջնորդները ստորագրած են նոյն օրուան նիստին արդիւնքները ամփոփող փաստաթուղթեր: