Դեկտեմբեր 7-ին, Մոսկուայի հայկական եկեղեցւոյ «Տապան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է Կոմիտասի ծննդեան 155-ամեակին, «Կոմիտաս» լարային քառեակի հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ 1988 Դեկտեմբեր 7-ի աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած հոգեւոր-դասական երաժշտութեան երեկոյթ մը:
Ներկաները նախ յոտնկայս Տէրունական աղօթքով յարգած են երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը։ Այնուհետեւ ձեռնարկին բացումը կատարած է «Կոմիտաս» լարային քառեակը՝ հնչեցնելով հայ մեծանուն երաժիշտին մշակած տարբեր ստեղծագործութիւնները:
Ապա հանդէս եկած է Մոսկուայի «Ա.Կ. Շնիթքէ» երաժշտութեան պետական հիմնարկի փողային նուագախումբը՝ Ալեքսեյ Գարապանովի խմբավարութեամբ, հանդիսատեսին ներկայացնելով Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ խմբավարին յօրինած «Հայկական պարեր» սիմֆոնիան։
Գարապանովի համաձայն՝ երկու մասերէ կազմուած եւ իւրաքանչիւրը 20 վայրկեաննոց նշեալ երաժշտութիւնը՝ ամբողջութեամբ ներառուած է իր ղեկավարած նուագախումբի յառաջիկայ ելոյթներու յայտագրին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։