Հոկտեմբեր 7-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուա այցելած է՝ մասնակցելու ԱՊՀ-ի պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին։
Յաջորդ օրը, Քրեմլինի մէջ Ռուսաստանի նախագահը առանձին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն հետ։
Փաշինեանի հետ գլուխ-գլխի հանդիպումէն ետք, կայացած է երկու երկիրներու ընդլայնուած կազմով նիստը։ Նախագահ Փութին նշած է, թէ առեւտրատնտեսական երկկողմ յարաբերութիւնները կը զարգանան բաւական յաջող եւ արդիւնաւէտ։ “Նախորդ տարի առեւտրական շրջանառութիւնը հասած է 7,4 միլիառ տոլարի, իսկ այս տարուան առաջին կիսամեակին 2,5 անգամ աճ արձանագրուած է՝ հասնելով 8,2 միլիառ տոլարի։ Եթէ նոյն եղանակով շարունակենք, ապա կրնանք 14-16 միլիառ տոլարի մրցանիշ արձանագրել”,– ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։
Իր կարգին Հայաստանի վարչապետը յայտնած է, թէ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած է հայ-ռուսական բաւական աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն, ակնարկելով փոխվարչապետ Օվերչուքի Երեւան այցելութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջկառավարական նիստը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու երեւոյթին։
Աւարտին, Փութին Հայաստանի վարչապետը հրաւիրած է Կազանի մէջ կայանալիք BRICS-ի վեհաժողովին։
Նշենք, թէ Փաշինեան նախապէս հաստատած էր սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը, ուր հաւանաբար ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ղեկավարները։
Նոյն օրը, Փութին տեսակցած է նաեւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Վերջինս ընդգծած է, թէ ռուս-ազերպայճանական յարաբերութիւններուն մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է Վլատիմիր Փութինի Պաքու կատարած այցելութենէն ետք։
Հոկտեմբեր 8-ին, Մոսկուայի մէջ լրագրողի մը հարցումին, թէ՝ «ե՞րբ կը ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը», Ազերպայճանի նախագահը պատասխանած է. “Երբ բնագրին ամբողջը համաձայնութեան արժանանայ”։
Իսկ թէ «ե՞րբ համաձայնութեան կ՚արժանանայ, այս տարի կարելի՞ է», Ալիեւ ուսերը թօթուած է:
Նոյն հարցումին ի պատասխան Հայաստանի վարչապետը ըսած է. “Ես կը կարծեմ՝ համաձայնութեան արժանացած բաւարար բովանդակութիւն կայ, որ ստորագրենք այս վայրկեանին իսկ”։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։