Search
Close this search box.

ՄՈՍԿՈՒԱ – Վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Փութինի հանդիպումը

Մայիս 8-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Մոսկուա, ուր նոյն օրը նախագահած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) բարձրագոյն խորհուրդի նիստին։ 

Աւելի ուշ վարչապետը գլուխ-գլխի տեսակցութիւն ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Ողջունելով Հայաստանի վարչապետը՝ նախագահ Փութին նշած է, թէ շատ ուրախ է հանդիպումին համար եւ պատրաստ է քննարկելու երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերը:

“Շատ ուրախ եմ տնտեսական ակնառու ցուցանիշերուն համար: ԵԱՏՄ-ի շրջանակին մէջ Հայաստանի արտաքին ապրանքաշրջանառութիւնը 2015 թուականէն 14 անգամ աճ արձանագրած է, ներկայիս հասնելով շուրջ 7 միլիառ տոլարի։ Այդօրինակ ցուցանիշ մենք երբեք չենք ունեցած”,– նշած է Փութին ընդգծելով, թէ Հայաստանի վարչապետին հետ պիտի քննարկեն նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան առնչուող հարցեր, որոնց մասին, բանականաբար, հրապարակաւ պիտի չմանրամասնեն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, վարչապետը իր կարգին նշած է, թէ անցեալ Դեկտեմբերին տեղի ունեցած նախորդ հանդիպումէն ի վեր կան կուտակուած հարցեր, որոնք քննարկման կը կարօտին։

“Տնտեսական հիմնական հարցերը մենք առիթ ունեցանք քննարկելու ԵԱՏՄ-ի համաժողովին: Այս հանդիպումին պիտի քննարկենք տարածաշրջանային եւ երկկողմ բազմաթիւ հարցեր: Ես նոյնպէս շատ ուրախ եմ այս հանդիպումին համար”,– դիտել տուած է վարչապետը:

Այնուհետեւ փակ դռներու ետին շարունակուած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն տեսակցութիւնը։