ՄՈՍԿՈՒԱ. Փաշինեան առանձին հանդիպում ունեցած է Փութինի հետ

Մայիս 16-ին, ՀԱՊԿ-ի ժողովի շրջածիրին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առանձին հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Վարչապետի աշխատակազմի լրատուական բաժնի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի նախագահը մասնաւորապէս նշած է.– “Մենք ձեզի հետ մնայուն կապի մէջ ենք` քննարկելու համար երկկողմ օրակարգի հարցերն ու տարածաշրջանային խնդիրները: Անցեալ տարուան ընթացքին մեր երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի շրջանառութեան զգալի աճ արձանագրուած է, կը շարունակուին ներդրումները: Աշխուժօրէն կ՚աշխատինք ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ եռակողմ ձեւաչափով` Ազերպայճանի մեր պաշտօնակիցներուն հետ միասին”:

Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀԱՊԿ-ի յոբելինական համաժողովի կազմակերպման եւ ջերմ ընդունելութեան համար: “Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի 30-ամեակը եւ Կազմակերպութեան 20-ամեակը նշանակալի իրադարձութիւններ են, եւ ըստ իս` մենք ունեցանք շատ բովանդակալից խօսակցութիւն: Շատ կարեւոր է, որ այդ խօսակցութիւնը ուղղուած էր ապագային, մեր կազմակերպութեան հետագայ զարգացման”,– նշած է Փաշինեան: