Search
Close this search box.

Մուրատ Փափազեանին չէ արտօնուած Հայաստան մուտք գործել ու արտաքսուած է դէպի Ֆրանսա

 

Հայաստանի սահմանապահ ոստիկանութիւնը  Չորեքշաբթի, Յուլիսի 13-ի երեկոյեան «Զուարթնոց» օդակայան ժամանած Մուրատ Փափազեանը Ֆրանսա վերադարձուցած է։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Համաշխարհային բիւրոյի անդամ եւ CCAF-ի համանախագահ Փափազեան, որուն կ՚ուղեկցէր իր կինը, որեւէ պատասխան չէ ստացած այս կարգադրութեան որպէս բացատրութիւն: Փարիզ վերադարձին, ան Nouvelles d’Arménie Magazine-ին պարզապէս ըսած է, որ Հայաստանի ոստիկանութիւնը զինք վտարած է Ֆրանսա, ըսելով որ՝ այժմ իրեն արգիլուած է Հայաստան մուտք գործել։

Այս մասին Armenews-ի մէջ CCAF-ի միւս համանախագահը՝ Արա Թորանեան կը գրէ.-

«Հայ դատի երկարամեայ գործիչ Մուրատ Փափազեան ծանօթ է Փաշինեանի վարչակարգին իր ընդդիմախօսութեամբ։ Ան յատկապէս երեւցած էր Երեւանի՝ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, իր կուսակցութեան կազմակերպած ցոյցերուն մասնակցող բազմութեան մէջ։ Հա՞րկ է արդեօք այս կամայական միջոցը վերագրել անոր քաղաքական դիրքորոշման։ Եթէ այդպէս է,– եւ այլ պատճառներ կարելի չէ երեւակայել,– ապա այս արտաքսումը լուրջ վտանգ կը հանդիսանայ Սփիւռքի հայութեան կարծիքի ազատութեան, ոտնակոխում է նաեւ ժողովրդավարութեան եւ շատ մը առումներով՝ սխալ մը: Շարունակելի…»։