Մուրատ Փափազեան դատի դիմած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դէմ

 

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան դիմած է Հայաստանի Վարչական դատարան` ընդդէմ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ)` պահանջելով, որ դատարանը ԱԱԾ-ն ստիպէ Հայաստանի տարածքին անցանկալի նկատուող օտարերկրացիներու տուեալներու շտեմարանէն հանել իր տուեալները:

Յիշեցնենք, որ Մուրատ Փափազեան իր ընտանիքին հետ 14 Յուլիս 2022-ին հասած էր Հայաստան, սակայն «Զուարթնոց» օդակայանի սահմանային անցման կէտին մէջ իրաւասու աշխատակիցները չէին թոյլատրած վերջինիս մուտքը Հայաստան` միայն պատճառաբանելով, թէ ինք ընդգրկուած է Հայաստանի համար անցանկալի անձերու ցանկին մէջ: Մուրատ Փափազեան ստիպուած եղած էր նոյն օրը իր ընտանիքին հետ վերադառնալու Ֆրանսա: