Հայ լեզուի եւ մշակոյթի վենետիկեան ամառնային խտացեալ դասընթացքին 38-րդ շրջանը տեղի ունեցաւ 1-17 Օգոստոս թուականներուն, կազմակերպութեամբ «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութեան եւ համագործակցութեամբ Վենետիկի «Studium Generale Marcianum» հիմնարկին։ Այս տարի կը մասնակցէին 39 ուսանողներ, տասներկու երկիրներէ, ինը ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, որոնց միջեւ Դասընթացքի հիմնադիր եւ վարիչ՝ «Պո-Արաքս» ընկերակցութեան նախագահ Գերշ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ աջակցութեամբ «Պո-Արաքս»-ի փոխ-նախագահ եւ Դասընթացքի փոխ-տնօրէն դոկտ. Բենեդետտա Կոնտինի։ Հինգ հոգիէ բաղկացած քարտուղարական կազմ մը գլխաւորութեամբ Դարիա Փաուլոնի՝ կ՚օժանդակէր Վարչութեան։
Դասերը տեղի ունեցան Վենետիկի Պատրիարքական ճեմարանի՝ Լա Սալուտէի պատմական պալատին մէջ, իսկ ուսանողներու եւ ուսուցիչներու կեցութիւնը ապահովուեցաւ մերձաւոր երկու հանրակացարաններու մէջ։ Զէքիեան արք.ի կողքին դասախօսական կազմի միւս անդամներն էին` ԳԱՐԻՆ ԱԳԱԼ (Թուրքիա), ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ (Հայաստան), ՌՈԶԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ ԱԴԱՄԵԱՆ (Ֆրանսա), ԱՐԱՄ ԻՓԷՔՃԵԱՆ (Իտալիա-Աւստրիա), ԲԵՆԵԴԵՏՏԱ ԿՈՆՏԻՆ ԻՓԷՔՃԵԱՆ (Իտալիա-Աւստրիա), ԹԱՄԱՐ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ (Թուրքիա), ՐԱՖՖԻ ՍԷԹԵԱՆ (ԱՄՆ), ՍՕՍԻ ՍՈՒՍԱՆԵԱՆ (Հունգարիա)։
Ուսումնական ծրագիրը բաղկացած էր շաբաթական երեսուն լսարանային դասաժամերէ, օրական հինգ ժամ՝ Երկուշաբթիէն Շաբաթ, բաժնուած՝ ուսուցման տասներեք օրերուն վրայ: Շաբաթական վեց ժամ յատկացուած էր անգլերէնով ծանօթացման Հայոց պատմութեան, իր էական գիծերով (դասախօս՝ ՐԱՖՖԻ ՍԷԹԵԱՆ), առաջին երեք մակարդակներուն վրայ: Ի բաց առեալ Հայոց պատմութեան այս դասը, ամբողջ ծրագիրը կ՛իրականացուի հայերէն՝ նաեւ սկսնակներու մակարդակին։ Բարձրագոյն մակարդակի ծրագիրը կը պարունակէ ժամանակակից սփիւռքահայ գրականութեան, Հայ արուեստի, Հայոց լեզուի պատմութեան եւ լեզւուսուցման մեթոդաբանութեան, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հնչիւնաբանութեան եւ գրաբարի դասեր: Այսպէս, Դասընթացքի բարձրագոյն մակարդակը կը միտի լայն պատկերացում մը տալ ինչպէս դասական՝ նոյնպէս ժամանակակից Հայ մշակոյթի եւ պատմութեան մասին: Այս մակարդակին վրայ կը մշակուի եռամեայ ընդհանուր ծրագիր մը՝ Հայ մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ամբողջական գիտելիքներու պաշար մը ընձեռելու անոնց՝ որոնք երեք տարուան տեւողութեամբ կը հետեւին Դասընթացքի այս բարձրագոյն մակարդակին: Ուստի այս մակարդակը կը ծառայէ նաեւ ապագայ ուսուցիչներ պատրաստելու եւ արդէն գործող ուսուցիչներուն իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնը բարելաւելու նուիրական եւ հարկադրիչ նպատակին: Այս մակարդակը կը հանդիսանայ, բառին բուն իմաստով, ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ վերապատրաստութեան կրթարան-ուսուցչարան մը։
Ընթացորդները հնարաւորութիւնն ունեցան նաեւ մասնակցելու հայկական աւանդական պարերու եւ դուդուկի արտադասարանային ազատ պարապմունքներուն՝ ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆի եւ ԱՐԱՄ ԻՓԷՔՃԵԱՆի ուսուցողութեամբ։ Շաբաթական երեք անգամ տեղի ունեցող պարի եւ ամէն օր կատարուող դուդուկի դասերը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցին։ Իրօք, մասնակիցները իրենց ձեռք բերած զարգացումները ցուցադրեցին հրաժեշտի աւանդական երեկոյեան միանգամայն խանդավառ եւ յուզիչ մթնոլորտին մէջ։
Այս տարուան ուսանողները կու գային հետեւեալ երկիրներէն՝ ԱՄՆ, Աւստրիա, Գերմանիա, Թուրքիա, Իտալիա, Գանատա, Հայաստան, Մեծն Բրիտանիա, Զուիցերիա, Ռուսաստան, Սպանիա/Գաթալոնիա, Ֆրանսա: Համալսարանականներ, մանաւանդ դոկտորականի եւ յետ- դոկտորականի ընթացորդներ զգալի թիւ մը կազմեցին, նոյնպէս՝ տարբեր արհեստավարժութեան տէր անձեր, ուսուցիչներ եւ գիտաշխատողներ։
«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» Հիմնարկը, ըստ իր վաղեմի սովորութեան, օժանդակեց բազմաթիւ կրթաթոշակներով։ Պոլսոյ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԼԻԿԷՈՆի Հոգաբարձութիւնն ալ կրթաթոշակներ տրամադրեց պոլսահայ վարժարաններու չորս ուսուցչուհիներու։ Իսկ ինչ որ այս տարուան բացառիկ, անակնկալ, մէկ բառով՝ նախախնամական երեւոյթը կազմեց՝ վենետկեցի իշխան, մեծանուն Չինի գերդաստանի շառաւիղ, բարերար, մեկենաս, գործարար ՃՈՎԱՆՆԻ ԱԼԻԱԹԱ ՏԻ ՄՈՆԹԷՐԷԱԼԷի վեհանձն նուիրատւութիւնն էր մեր Դասընթացքին, որ բացի ծածկելէ դադրող այլ նպաստներու բացը, նաեւ կրթաթոշակի հնարաւորութիւն ընծայեց։ Խորին շնորհակալութեամբ կ՚արձանագրենք իշխան Ալիաթայի իշանավայել նուիրատւութիւնը։
Արտադասարանային գործունէութիւններու կարգին, այս տարի իբրեւ հիւր դասախօս ունեցանք՝ նախ Ֆրանսայէն ՌՈՒԲԷՆ ՔՈՒԼԱՔՍԸԶԵԱՆը, որ ներկայացուց իր յոյժ օգտաշատ «Little Armenias: The Travel Guide of the Armenian Diasporas» գիրքը, որմէ ազնուաբար օրինակ մը նուիրեց բոլոր ընթացորդներուն եւ ուսոցչական կազմին։ Յաջորդ հիւր դասախօսները եղան Պրակայէն, սփիւռքահայ իրականութեան մէջ առաջնորդող դեր կատարող «Օրեր» հանդէսի հիմնադիր հրատարակիչներ Տէր եւ Տիկին ՅԱԿՈԲ եւ ԱՆՆԱ ԱՍԱՏՐԵԱՆները, որոնց հաճելի ու երկար զրոյցը ուսանողութեան հետ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Օգոստոսի երեկոյեան։
Դասընթացքի աւանդութիւն դարձած է հայկական ֆիլմերու ցուցադրութիւնը, ինչ որ ամէն տարի կը կազմակերպէ ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ։ Այս տարի ներկայացուեցան գերմանաբնակ ԱՐԹՈՒՐՕ ՍԱՅԱՆի «#Maestro95. Ֆիլմ գոլաժ»-ը։ Յարգանի տուրք Սերգէյ Փարաճանովին (2019, Գերմանիա-Հայաստան) եւ ամերիկաբնակ ՄԱՅՔԼ ԳՈՒՐՋԵԱՆի «Ամերիկացի»-ն (2022, Հայաստան) ֆիլմերը։
Օգոստոս 7-ին եւ 8-ին Պո-Արաքսի վարչութիւնը կազմակերպեց համերգային բացառիկ միջոցառում մը Վենետիկի երկու հոյակերտ եկեղեցիներուն մէջ՝ Սրբոց Առաքելոց եւ Սան Թրովազօ։ Համերգներուն վճռականօրէն սատար կանգնեցաւ, անձամբ իսկ օգնելով պատրաստական աշխատանքներուն, վերոյիշեալ իշխան Ճովաննի Ալիաթա, որ շնորհեց նաեւ հովանաւորութիւնը իր մօրենական մեծ հօր, Վենետիկի հեքիաթային անուն ՎԻԹԹՈՐԻՕ ՉԻՆԻ ԴԻՒԱՆին։ Համերգները կատարեց ՆԱՐԵԿ ԱՆՍԱՄԲԼը, գլխաւորութեամբ դուդուկահար, ծանօթ մաէսթրօ ԱՐԱՄ ԻՓԷՔՃԵԱՆի եւ նուագակցութեամբ միջնադարեան նուագարան «սալթերիօ»-ի վարպետ Մաէսթրօ ԱԼԵՍՍԱՆԴՐՕ ՖԵՐՐԱՐԵԶԷի եւ դհոլահար ՊՈՒՐԱԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆի։ Խուռն բազմութիւն մը հետեւեցաւ համերգներուն, ընդ որս Դասընթացքի ուսանողները, վենետահայ եւ իտալացի երաժշտասէրներ, եւ յատկապէս դուդուկի սիրահարներ։
Տիրամօր Վերափոխման 18 Օգոստոսի Կիրակի օրը բոլոր ընթացորդները մասնակցեցան Մխիթարեան միաբանութեան կեդրոն Սուրբ Ղազարու մայրավանքին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ պատարագին։ Իսկ Կիրակիներ, 4 եւ 11 Օգոստոսին, Գերշ. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան պատարագեց Վենետիկի հնաւանդ հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Դասընթացքի ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն՝ որոնցմէ բաղկացող դպրաց դասը կատարեց երգեցողութիւնը խմբավարութեամբ ՌՈԶԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆի։
Դասընթացքի մասնակիցները նաեւ հնարաւորութիւնն ունեցան այցելելու, 9 Օգոստոս, Ուրբաթ օր, Սուրբ Ղազարու Մխիթարեան մայրավանքն ու թանգարանը՝ առաջնորդութեամբ Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանի։ Իսկ 13 Օգոստսին այցելութիւն մը կատարեցին Վենետիկի հին հայկական յուշավայրերուն, առաջնորդութեամբ դոկտ. ԷՎԵԼԻՆ ՔՈԽի։
2024 Նոյեմբերին «Պո-Արաքս» ընկերակցութեան քարտուղարութիւնը վկայականները պիտի սկսի ուղարկել բոլոր այն ընթացորդներուն, որոնք յաջողութեամբ յանձնած են իրենց քննութիւնը. իսկ անոնք որ քննութեան չեն ներկայացած՝ պիտի ստանան յաճախութեան վկայագիր մը, եթէ չեն բացակայած դասերէն ընդ ամէնը աւելի քան ինը ժամ:
2025 Օգոստոսի դասընթացքին դիմումները պիտի ընդունուին 2024 թուականի Նոյեմբերէն սկսեալ:
Վենետիկ, 22 Օգոստոս 2024
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։