Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանի նշանակումը անակնկալի բերաւ շատերը, այնքան որ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան գնահատուած էր ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ հայ շրջանակներու կողմէ։ Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա միջպետական եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ։ Եօթը տարիներու պաշտօնավարութիւնը բնորոշուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ սերտ գործակցութեամբ։ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը էական էր Հայաստանի տկար դիրքերը պաշտպանելու համար ազերի-թուրք-ռուս դաշինքի շահերուն դիմաց, միջազգային ատեաններու մէջ, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին, Եւրոպական քաղաքական համայնքներու վեհաժողովին, … նաեւ տնտեսական օգնութիւնը, ռազմամթերքի վաճառքը, եւրոպական դիտորդական առաքելութեան գործարկումը հակառակ Ալիեւի եւ Ռուսաստանի ընդդիմացման եւ դէպի Հայաստան զօրակցութեան բազմաթիւ այցելութիւնները՝ պետական, խորհրդարանական, քաղաքապետական մակարդակով։ Եւ դեռ մինչեւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն Ազերպայճանի արտաքսումն ու COP 29-ը պոյքոթի ենթարկելու Եւրոպական խորհրդարանի կոչը։ Երկու պետութիւններու բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը արդիւնք է նաեւ Թաւշեայ յեղափոխութեան, որուն ճիշդ նախօրեակին դեսպան նշանակուեցաւ Յասմիկ Տոլմաջեան։ Ժամանակաշրջան մը ուր այդ յեղափոխութիւնը Ռուսաստանի կողմէ ընկալուեցաւ նարնջագոյն յեղափոխութիւն,– հակառակ Փաշինեանի՝ այդ կարծիքը հերքող բազմաթիւ հաւաստումներուն,– եւ որուն հետեւեցաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը, Արցախի շրջափակումն ու ցեղային զտումը, ռուս ռազմավարական դաշնակիցին մասնակցութեամբ, հովանաւորութեամբ։
Հայաստանի նախորդ դեսպանները սովետական դպրոցի դիւանագէտներ էին, իսկ Յասմիկ Տոլմաջեան անկախ Հայաստանի նոր սերունդի դիւանագէտ է, որ ուսումը կատարելագործած է Ֆրանսա, եւ ուր նախքան դեսպան նշանակուիլը, եղած է Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան։ Ֆրանսա-Հայաստան պատմական ու բարեկամական յարաբերութիւններուն լաւատեղեակ, նախքան Ֆրանսա դեսպան նշանակուիլը, Ժընեւի մէջ Շառլ Ազնաւուրի հետ աշխատակցած ըլլալով՝ քաղաքական եւ արուեստի մարդոց հետ ծանօթանալու եւ անոնց հետ յարաբերելու կարեւոր փորձառութիւն ալ ձեռք ձգած է։
2018-ին, Հայաստանի պատմութեան անկիւնադարձային շրջանին դեսպան նշանակուած Յասմիկ Տոլմաջեանին կը վիճակէր գործել Հայաստան-Սփիւռք բարդ ու փոթորկալից յարաբերութիւններու դժուարին պայմաններու մէջ։ Թէեւ դիւանագէտ էր, սակայն ստիպուած էր Ֆրանսայի հայ համայքին հետ յարաբերելու, քանզի վերջինս կարեւոր միջնորդ է Ֆրանսայի քաղաքական շրջանակներու հետ ուղղակի կապեր հաստատելու։ Սակայն, հայ համայնքը ներկայացնող կարեւորագոյն կառոյցներէն մի քանին Հայաստանի կառավարութեան հանդէպ թշնամական վերաբերում ունենալով՝ դեսպանուհիին համար կը ստեղծէին դիւանագիտական աշխատանքը խոչընդոտող մթնոլորտ, ինչպէս վարչապետ Փաշինեանի Փարիզ այցին առթիւ բողոքի ցոյցեր ու վարչապետի ինքնաշարժի շարասիւնին վրայ լոլիկի, հաւկիթի արձակում։ Մանուշեանի պանթէոնականցման օրը տրուած ընթրիքին՝ նախագահ Մաքրոնի միջնորդութեան ընթացքին անտեղի վիրաւորական խօսակցութիւն… նոյնպէս, CCAF-ի ընթրիքի նախօրեակին՝ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարին հանդէպ անյարգալի վերաբերում։
Այս բոլորով հանդերձ, դեսպանուհի Տոլմաջեան ֆրանսահայ համայնքի հետ շփումները բազմացուց, իր ներկայութեամբ պատուեց գեղարուեստական երեկոյթներ, յաճախ զանոնք հովանաւորելով։ Հեռու մնաց ներհամայնքային բախումներէ։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին Հայաստան ձեռք բերաւ նոր դեսպանատուն մը, որ գործունէութիւն ծաւալելու առիթներ պիտի ստեղծէ։ Կը մնայ մաղթել որ զինք փոխարինողը շարունակէ տիկին Տոլմաջեանի աշխատանքը, մասնաւորապէս զարկ տալով Ֆրանսա-Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւններուն, որոնք կը մնան երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններուն ամէնէն թոյլ կէտը եւ որուն յաջողութեան գրաւականներէն կարեւորագոյնը՝ ֆրանսահայ համայնքի կառոյցներու միասնական, հաշտ համագործակցութիւնն է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ գործնական ռազմավարութեան մշակումը, կուսակցական, դաւանական, հատուածական, անձնական շահերը մէկդի դրած։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։