«Հայ Օգնութեան Միութեան «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2024-ին, կը նպատակադրէ հարազատ երդիք մը ապահովել արցախահայ ընտանիքներու, որոնքԱզերպայճանի հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանքով՝ Արցախի հայաթափումով, կորսնցուցին իրենց բնակարանները։
“Յոյսի օճախներ” ծրագրով արդէն իսկ գնուած են երկու բնակարաններ՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։ Բնակարանները կը գտնուին նորոգութեան ընթացքին մէջ, ինչպէս՝կոյուղիներու նորոգութիւն, հորի պատրաստութիւն, պեթոնէ օղակներու տեղադրում։
Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ նպատակներուն՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) կը շարունակէ ճիգեր թափել՝ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նոր բնակարաններ գնելու եւ զանոնքհիմնովին վերանորոգելէ ետք՝ յանձնելու արցախահայ ընտանիքներու։
ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ջերմ փափաքն է, որ կարելի եղածին չափ նկատելի թիւով արցախահայ ընտանիքներ ձմեռը դիմաւորեն իրենց հարազատ երդիքին տակ։
ՀՕՄ-ը կը հաւատայ, որ հաւաքական ճիգերով եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։
ՀՕՄ-ի սոյն ծրագրին կարելի է աջակցիլ՝ հետեւեալ կապով.
2024 Յուլիս 8»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։