Search
Close this search box.

Յորդանան Արցախի մասին պատմող «Իմ քաղցր երկիրը» ֆիլմը պիտի ներկայացնէ «Օսքար»-ի մրցանակին

Յորդանանի թագաւորական շարժանկարի յանձնախումբը բեմադիր Սարին Հայրապետեանի՝ Արցախի ու Արցախահայութեան մասին պատմող «Իմ քաղցր երկիրը» (My sweet land) վաւերագրական ժապաւէնը ընտրած է ներկայացնելու «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան, «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» անուանակարգին մէջ: Լուրը կը հաղորդէ հոլիվուտեան «Deadline» թերթը:

Ֆիլմը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժի մասին, որ կ՚երազէ ատամնաբոյժ դառնալ Արցախ գտնուող իր գիւղին մէջ։ Երբ պատերազմը կրկին կը բռնկի, Վրէժ ընտանիքին հետ կը փախի, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք կը վերադառնայ այս անգամ իր աւերուած հայրենիքը: Պատանին դաժան իրողութիւններու դէմ-յանդիման գտնուելով կը պատրաստուի ապագայ պատերազմին, միաժամանակ պայքարելով իր ծանր հոգեխոցումներուն դէմ։

«Իմ քաղցր երկիրը» ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է տարեսկիզբին՝ Sheffield DocFest-ին, այնուհետեւ ցուցադրուած է նաեւ Ամմանի միջազգային փառատօնին, արժանանալով դատակազմի մրցանակին՝ իբրեւ լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն:

Սարին Հայրապետեան ծնած է Յորդանան, իսկ այժմ կը բնակի Նիւ Եորք։

Նշենք, թէ Հայաստան՝ «Օսքար»-ի մրցանակին կը ներկայացնէ Էդգար Բաղդասարեանի «Եաշա եւ Լէոնիտ Պրեժնեւ» ֆիլմը։