Կը տեղեկանանք, թէ Ազերպայճանի ճնշումով՝ Յորդանան յետս կոչած է «Օսքար»-ի ներկայացուցած բեմադիր Սարին Հայրապետեանի «Տունս քաղցր ա» վաւերագրական ֆիլմը։ Յորդանանի շարժանկարի յանձնախումբը այդ ժապաւէնը ընտրած էր «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» անուանակարգին մէջ ներկայացնելու համար։
Deadline կայքին համաձայն՝ Ազերպայճանի ճնշումին տակ Յորդանան յետս կոչած է ֆիլմը։ Նոյն աղբիւրը կը հաղորդէ, թէ Ազերպայճանի կառավարութիւնը դիմում կատարած է Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ պահանջելով վերանայիլ ֆիլմին ընտրութիւնը։ Նախարարութիւնն ալ իր կարգին ճնշում բանեցուցած է Յորդանանի շարժանկարի յանձնախումբին վրայ՝ ֆիլմը յետս կոչելու պահանջով:
Բեմադիր Սարին Հայրապետեան եւ արտադրող Ազզա Հուրանի Deadline-ին ըսած են. “Սա շատ կործանարար զարգացում է մեր խումբին համար, որ արգիլած, հետեւաբար լռեցուցած են երեխան, որ պատմէ իր պատմութիւնը իր տան եւ ընտանիքի հանդէպ սիրոյ մասին: Իբրեւ վաւերագրական ժապաւէններու հեղինակներ, այս գրաքննութիւնը կը ստիպէ մեզ ա՛լ աւելի տարածելու «Տունս քաղցր ա» ֆիլմին գլխաւոր հերոս Վրէժի պատմութիւնը, որ այսօր հայելին է ամբողջ աշխարհի անթիւ երեխաներու ճակատագրին, որոնք արժանի են երազելու ազատօրէն՝ առանց պատերազմի եւ հակամարտութեան սպառնալիքի”:
Նշենք, թէ սա հայկական երկրորդ ֆիլմն է, որ Ազերպայճանի պահանջով գրաքննութեան կ՚ենթարկուի:
Սոյն վաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժի մասին, որ կ՚երազէ ատամնաբոյժ դառնալ Արցախի իր գիւղին մէջ։ Երբ պատերազմը կրկին կը բռնկի, Վրէժ ընտանիքին հետ կը փախի, իսկ պատերազմի աւարտին կրկին կը վերադառնայ աւերուած հայրենիք: Ան միաժամանակ դէմ-յանդիման կը գտնուի նոր դաժան իրողութիւններու եւ կը պատրաստուի ապագայ մարտերուն…:
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ այս կապակցութեամբ յայտարարած է. «Նկատի ունենալով, որ այդ ֆիլմին բովանդակութիւնը կը հակասէ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան, մենք անմիջապէս յորդանանեան կողմին ներկայացուցինք մեր մտահոգութիւնները եւ տեղւոյն պատկան յանձնախումբին կայացուցած որոշումին համաձայն ի վերջոյ ժապաւէնը չէ առաջադրուած Օսքարի մրցանակաբաշխութեան, ինչպէս նաեւ ֆիլմին ցուցադրութիւնը կասեցուած է Յորդանանի մէջ։ Մենք կ՚ողջունենք յորդանանեան կողմին որոշումը»։
Այսպէսով Պաքու փաստօրէն հաստատած է իր կողմէ բանեցուած ճնշումներու առկայութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։