ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Յունաստանի եւ Հայաստանի ԱԳ նախարարները փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան,– որ աշխատանքային այցով Յունաստան կը գտնուի,– Աթէնքի մէջ հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Նիքոս Տենտիասի հետ:

Հանդիպումին երկուստեք անդրադարձած են երկկողմ յարաբերութիւններուն, կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Ուքրաինայի իրադրութեան: Նախարարները վերահաստատած են  յոյնեւհայկական բարեկամութիւնն ու պատմական խոր կապերը:

Միրզոյեանի եւ Տենտիասի միջեւ ստորագրուած է Եւրոպական Միութեան առնչուող հարցերու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը: