Ազերպայճանական Azertac լրատու կայքը Յունուար 5-ին այս վերնագրով հրապարակած է հետեւեալ լուրը.
Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սուրբծննդեան առթիւ իր բարեմաղթանքները յղեց երկրի ուղղափառ քրիստոնեայ համայնքին։
Ազերպայճանի ամբողջ քրիստոնեայ համայնքին մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երջանկութիւն՝ պետութեան ղեկավարը նշեց. «Քրիստոնեաները Ազերպայճանի մէջ դարերէ ի վեր ապրած են այլ ազգերու եւ կրօններու ներկայացուցիչներու կողքին՝ բարեկամութեան, խաղաղութեան մթնոլորտի եւ անդորրի մէջ։ Ցեղային եւ մշակութային բազմազանութեան պահպանումը, մեր երկրին մէջ հանդուրժողականութեան հարուստ աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մակարդակով միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութեան զարգացման աջակցութիւնը՝ մեր քաղաքականութեան հիմնական առանցքներէն են։
Մեր հասարակութեան մէջ հաստատուած են ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութեան սկզբունքները, ինչպէս նաեւ պետութեան եւ կրօնի միջեւ առաջադէմ յարաբերութիւններ։ Որպէս բազմամշակութայնութեան օրինակ ճանչցուած Ազերպայճանի մէջ բոլորը կ՚օգտուին հաւասար իրաւունքներէ եւ ազատութիւններէ՝ անկախ լեզուէն, կրօնէն ու ցեղային ծագումէն։ Մեր քրիստոնեայ հայրենակիցները կը պահպանեն իրենց աւանդութիւնները՝ ազատօրէն կատարելով իրենց հաւատքին համապատասխան ծէսեր եւ արարողութիւններ, աշխուժօրէն կը մասնակցին Ազերպայճանի ընկերա-քաղաքական եւ ընկերա-մշակութային կեանքին՝ ազնւօրէն կատարելով իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները»։
«Սուրբ ծնունդը, որ նորացման, ապագայի հանդէպ հաւատքի, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ բարութեան եւ կարեկցանքի զգացումներու խորհրդանիշն է, ամէն տարի հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Ազերպայճանի մէջ։ Թող այս սուրբ տօնը ուրախութիւն եւ երջանկութիւն բերէ ձեր ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ առատութիւն՝ ձեր օճախներուն»,– աւելցուց Հանրապետութեան նախագահը իր ուղերձին մէջ։
***
«ՆՅ» – Մենք ալ մեր կարգին կը շնորհաւորենք «քրիստոնեաներու՝ այլ ազգերու եւ կրօններու ներկայացուցիչներու կողքին՝ բարեկամութեան, խաղաղութեան մթնոլորտի եւ անդորրի մէջ դարերէ ի վեր ապրած» Ազերպայճանի նախագահը։ Ի հարկէ, ոչ թէ Սուրբծննդեան առթիւ, այլ անոր անհաւասարելի յաջողութեան համար: Արդարեւ, դժուար է պատկերացնել աշխարհի որեւէ երկրի ոեւէ ղեկավար, որ այսքան սեղմ տողերու մէջ հասնի անճշդութիւններու ու սուտերու նման մակարդակի:
Ամէն կասկածէ վեր է, որ Ալիեւի համար Սուրբ ծնունդը աւելի գեղեցիկ է առանց հայերու՝ «իր հանդուրժողականութեան երկրին մէջ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։