Search
Close this search box.

Նախագահ Մաքրոնի արձագանգը Մոսկուային, Պաքուին եւ Իլոն Մասքին

Նախագահը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանին

2025 Յունուար 6-ին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն՝ Էլիզէի պալատին մէջ համախմբուած ֆրանսացի դիւանագէտներուն ուրուագծելով երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը, կոչ յղած է «իրատես» ակնկալիքներ ունենալու տարածաշրջանային հակամարտութիւններու նկատմամբ։

Ան նշած է, թէ Միացեալ Նահանգները պէտք է օգնէ փոխելու իրավիճակը եւ համոզելու Ռուսաստանը՝ նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, իսկ Եւրոպա պէտք է «անվտանգութեան երաշխիքներ» առաջարկէ Ուքրաինայի համար։

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, նախագահ Մաքրոն զգուշացուցած է՝ Արեւմուտքը պէտք չէ միամիտ ըլլայ Պաշար ալ-Ասատի պաշտօնանկութենէն յետոյ Սուրիա հաստատուած նոր իշխանութիւններուն նկատմամբ, խոստանալով որ Ֆրանսա պիտի չլքէ քիւրտ զինեալները: Նախագահը Իրանը համարած է Մերձաւոր Արեւելքի ռազմավարական եւ անվտանգութեան գլխաւոր մարտահրաւէրը։

Ան խօսած է այն սպառնալիքներուն մասին, որոնց կը բախին ժողովրդավարութիւնները, այդ կարգին՝ ընտրական գործընթացներուն միջամտութիւնները՝ այդպիսի միջամտութեան մէջ մեղադրելով Ռուսաստանը, Իլոն Մասքը եւ Ազերպայճանը։

“Ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ Ռումանիա ստիպուած եղաւ ջնջելու նախագահական ընտրութեան արդիւնքները խարդաւանանքներու պատճառով, որոնք ակնյայտօրէն կը վերագրուէին Ռուսաստանին: Ո՞վ կը պատկերացնէր նման բան ընդամէնը տասը տարի առաջ”,– հարց տուած է Ֆրանսայի նախագահը:

“Ֆրանսա, վերջին ամիսներուն ենթարկուած է Ազերպայճանի անընդունելի միջամտութեան՝ իր անդրծովեան տարածքներու մեծ մասին եւ յատկապէս Նոր Գալետոնիոյ մէջ։

Տասը տարի առաջ ո՞վ կրնար հաւատալ, եթէ մեզ ըսէին, որ աշխարհի ամէնէն տարածուն ընկերային ցանցերէն մէկուն սեփականատէրը կ՚աջակցի նոր միջազգայնական յետադիմական շարժումին եւ ուղղակի կը միջամտէ ընտրութիւններուն, ներառեալ՝ Գերմանիոյ մէջ, ո՞վ կը պատկերացնէր այս ամէնը։ Ահա սա է այն աշխարհը, ուր մենք կ՚ապրինք եւ ուր դուք կը գործէք որպէս դիւանագէտ”,– յայտարարած է նախագահ Մաքրոն։

«Փարիզ կը պաշտպանէ միջազգային իրաւունքը եւ Հայաստանը»

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասին՝ նախագահը յայտնած է, թէ «Փարիզ կը պաշտպանէ միջազգային իրաւունքը եւ Հայաստանը, որու նկատմամբ Ռուսաստան յանկարծակի փոփոխութեան ենթարկեց իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ աջակցեցաւ Ազերպայճանին, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան՝ յանձին իր վարչապետին գլուխ չծռեց անոր», աւելցնելով թէ Արցախի դէմ Ազերպայճանի գործած յարձակման ընթացքին Ռուսաստան աջակցեցաւ Պաքուին։