Նախագահ Յարութիւնեան աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութիւն հրաւիրած է

Նոյեմբեր 19-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութիւն հրաւիրած է՝ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Նիստին քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան շուրջ արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումները, ազերպայճանական կողմէն Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ շարունակաբար դրսեւորուող յարձակողական գործողութիւնները: Խորհրդակցութեան մասնակիցները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ։ Գաղափարներ փոխանակուած են իշխանութեան կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերու շուրջ:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեան, Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան, Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, պաշտօնատար այլ անձեր: