Search
Close this search box.

Նախագահ Փութին վարչապետ Փաշինեանին ներկայացուցած է Պաքու կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւնները

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ան տեղեկացուցած է նախորդ շաբաթ Ազերպայճան կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւններու մասին։ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին։

Կողմերը պայմանաւորուած են յառաջիկայ պատեհ առիթով հանդիպում ունենալ եւ քննարկել Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմ օրակարգին առնչուող հարցեր։