Նենսի Փելոզի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոզի Սեպտեմբեր 18-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան ծաղիկներ խոնարհած է անմար կրակին մօտ:

Ամերիկացի դիւանագէտը այցելած է  նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացած 20-րդ դարասկզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրը փաստող ցուցադրութեան։