Search
Close this search box.

Նետերլանտներու խորհրդարանը որդեգրած է երկու բանաձեւեր՝ դատապարտելով Պաքուի ապօրինի գործողութիւնները

Հոկտեմբեր 12-ին, Նետերլանտներու խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ որդեգրուած են երկու բանաձեւեր, որոնք կը դատապարտեն Ազերպայճանի վարչակազմի ապօրինի գործողութիւնները եւ կոչ կ՚ընեն ազատ արձակելու Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին ղեկավարներն ու բոլոր հայ գերիները։

Այս կապակցութեամբ, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ անմիջապէս հակադարձելով յայտարարած է. «Մենք կտրականապէս կը մերժենք Նետերլանտներու խորհրդարանին կողմէ ընդունուած եւ Ազերպայճանի դէմ ուղղուած յաջորդական բանաձեւերը»։