Հոկտեմբեր 22-ին, Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման արարողութիւն:
Արարողութեան ներկայ էին Նետերլանտներու Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան` Վիկտոր Պիագով, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ բնակող տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Խաչքարը տեղադրուած է բարերարութեամբ՝ եկեղեցւոյ հաւատացեալ Արմէն Ավանէսովի: Խաչքարը, որու հեղինակը հայաստանաբնակ Արտակ Համբարձումեանն է, Հայաստանէն Նետերլանտներ հասած եւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուեցած է օժանդակութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Գալուստ Աբրահամեանի եւ Տարօն Խաչատրեանի:
Օծման արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն. “Այս խաչը օրհնուելով եւ օծուելով Սուրբ Միւռոնով դարձաւ Սուրբ Խաչ, խաչ որուն առջեւ մենք պէտք է շարունակենք երկրպագել, խաչ, որուն առջեւ մենք պէտք է շարունակենք աղօթել: Պէտք է աղօթենք, որպէսզի անոնք, որոնք այսօր եւ անցեալին իրենց կեանքը զոհեցին մեր հայրենիքին համար, Արցախի համար, որոնց կեանքը սուրբ կեանք դարձաւ, պէտք է խանդավառող առիթ դառնան մեզի համար: Եկէք միասին այս խաչքարին առջեւ աղօթենք. հայրենիքի, Արցախ աշխարհի եւ Սփիւռքի միասնութեան համար: Վստահ եղէք, որ մեր միասնական աղօթքին մէջ, մենք հայ ժողովուրդի զաւակներս, պիտի շարունակենք հրաշքներ գործել”:
Դեսպան Պիագով իր խօսքին մէջ եւս շեշտեց միասնութեան կարեւորութիւնը, միասնութեան մէջ տեսնելով մեր ուժը. “Այսօր մեզ միաւորած է ոչ միայն համընդհանուր ցաւը, մորմոքը, այլ նաեւ հպարտութիւնը: Այս խաչքարը ապացոյց է հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքի եւ ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու բացառիկ քաջութեան: Միայն ու միայն ամուր Հայաստանն ու մեր Եկեղեցին է հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ յարատեւութեան երաշխաւորը: Այսօրուան հրամայականն է` համախմբել բոլորիս ուժերը, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ յանուն մեր երազանքի պետութեան կերտման”:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժնին ելոյթ ունեցան Ամսթերտամի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» եւ Հիրհուկովարտի ծխական համայնքի կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները, նաեւ «Արմենիա» երաժշտական կեդրոնի երաժիշտները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։