Search
Close this search box.

Ներքաղաքական անկայունութիւն եւ երեք մօտեցումներու բախում Արցախի մէջ

 

Տիգրան Գրիգորեան – CivilNet – Օգոստոս 21

Արցախի մէջ օրէ-օր ահագնացող մարդասիրական աղէտի ենթախորքին կը խորանայ նաեւ ներքաղաքական ճգնաժամը։ Քուլիսային բուռն գործընթացները, որոնք տեսանելի չէին լայն հանրութեան, վերջին օրերու ընթացքին սկսան հրապարակային դրսեւորումներ ստանալ։

Այսպէս, Արցախի Հանրապետութեան նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Օգոստոս 19-ին Դիմագիրքի իր էջին տեսանիւթ մը հրապարակեց, ուր շարք մը մեղադրաքներ հնչեցուց նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հասցէին։

Վարդանեան յայտարարեց, որ Յարութիւնեան օրեր առաջ խումբ մը մարդոց ներկայութեան խոստացեր էր հրաժարական տալ նախագահի պաշտօնէն, սակայն չկատարեց իր խոստումը։ Վարդանեանի տեսաուղերձէն օրեր առաջ Յարութիւնեանի հաւանական հրաժարականի մասին գրած էր հայկական Թելեկրամ ալիքներէն մէկը։ Այդ գրառումը լայնօրէն տարածուեցաւ նաեւ ազերպայճանական  մամուլին մէջ։

Ռուբէն Վարդանեանի այս տեսաուղերձը վերջին շրջանին Արցախի մէջ տեղի ունեցող բուռն ներքաղաքական զարգացումներու  հետեւանքն է։ Վարդանեան Պետական նախարարի պաշտօնէն ազատ կացուցուելէ ետք քաղաքական աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէր Արցախի մէջ։ Վերջին ամիսներու  ընթացքին ան յաջողեցաւ մէկ բեւեռի մէջ համախմբել Արցախի նախկին նախագահները, անոնց ազդեցութեան տակ գտնուող նախկին բարձրաստիճան ուժայինները, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւնները։

Այս լայն ամրապնդման շնորհիւ տուեալ բեւեռը դարձաւ Արցախի ներքաղաքական կեանքի հիմնական դերակատարներէն մէկը։ Միւս կարեւոր բեւեռը Սամուէլ Բաբայեանի խումբն է՝ երկրորդ խորհրդարանական խմբակցութիւնը։

Այս ճամբարները վերջին ամիսներու  ընթացքին աշխուժօրէն կը պայքարէին իշխանութեան համար։ Մայիսին այս երկու ներքաղաքական բեւեռները նոյնիսկ փողոցային աշխուժ գործունէութիւն կը ցուցաբերէին՝ կազմակերպելով գրեթէ միաժամանակ հանրահաւաքներ, որոնք սակայն որեւէ էական քաղաքական շահաբաժին չապահովեցին անոնց։

Արայիկ Յարութիւնյան, որու իշխանութիւնը պատերազմի աւարտէն յետոյ բաւական երերուն է, ստիպուած է «նաւարկել» այս ուժերուն միջեւ՝ երբեմն կատարելով զիջումներ, երբեմն ալ փորձելով ուժ ցուցադրել։

Ուժի ցուցադրման դրուագներէն մէկը, որուն ակնարկեց նաեւ Ռուբէն Վարդանեան իր տեսաուղերձին, տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ։ Օգոստոս 17-ին շարք մը աշխարհազօրայիններ, որոնց ըստ տարբեր աղբիւրներու, կ՚ընկերանային Արայիկ Յարութիւնեանի մերձաւորներ, մտեր էին Ազգային ժողովի շէնք՝ նպատակ ունենալով իրենց խնդիրները ներկայացնել երեսփոխաններուն ու Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին։ Այդ հանդիպումը, ըստ երեւոյթին՝ տեղի չէ ունեցած։ Փոխարէնը, տուեալ միջադէպէն յետոյ աշխարհազօրայիններու այդ խումբին հետ հանդիպում ունեցած է Արայիկ Յարութիւնեան։

Սա, ամենայն հաւանականութեամբ, Յարութիւնեանի կողմէ նախօրոք ծրագրուած քայլ էր, որ կը հետապնդէր վերջին շրջանին Ռուբէն Վարդանեանի ճամբարին ջանքերով քաղաքականապէս աշխուժացած Ազգային ժողովը հեղինակազրկելու նպատակ, ինչպէս նաեւ ցոյց տալու բոլոր դերակատարներուն, որ ինք՝ Յարութիւնեան դեռ որոշ լծակներ ունի եւ աջակցութիւն կը վայելէ։ Այս քայլի միջոցով Յարութիւնեան հաւանաբար փորձած է նաեւ երկրորդ դիրքի մղել իր հրաժարականի օրակարգը։

Յամենայն դէպս, ամիսներէ ի վեր շարունակուող այս ներքաղաքական անկայունութիւնը ոչ միայն իշխանութեան տիրանալու պայքարով պայմանաւորուած է,– ինչպէս կրնայ թուիլ առաջին հայեացքով,– այլեւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն ելքերու վերաբերեալ տարբերող պատկերացումներով։ Այս բոլոր դերակատարները ունին իրենց տեսակէտները ճգնաժամի կարելի լուծումներու  վերաբերեալ։

Սամուէլ Բաբայեան եւ իր խումբը, ինչպէս ծանօթ է, կողմնակից են Ազերպայճանի հետ ուղղակի, առանց միջնորդի երկխօսութեան, բոլոր ճամբաներու  բացման եւ առեւտրատնտեսական կապերու հաստատման (այլ հարց, թէ Պաքուի դիրքորոշումը ի՞նչ կ՚ըլլայ նման գործընթացի նկատմամբ)։

Արայիկ Յարութիւնեան եւ իր կառավարութիւնը կողմնակից են Պաքուի հետ միջնորդուած բանակցութիւններու՝ ոչ Ազերպայճանի տարածքին։ Արցախի իշխանութիւնները մօտ ապագային, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ստիպուին ընդունիլ մարդասիրական ճգնաժամի հանգուցալուծման տարբերակ, որ պիտի ներառէ նաեւ Ակնայի (Աղդամ) ճամբուն գործածութիւնը։

հաւանական է, որ այդ ճամբով միջազգային կազմակերպութիւններու  կողմէ ոչ- ազերպայճանական  մարդասիրական բեռներ մատակարարուին Արցախ, Բերձորի միջանցքով եւս որոշ փոխադրումներ կատարուին։

Ինչպէս ցոյց տուաւ Օգոստոս 16-ին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի քննարկումը, բոլոր հիմնական դերակատարները այս մօտեցումին կողմնակից են, եւ Ստեփանակերտի համար դժուար պիտի ըլլայ հրաժարիլ այս տարբերակէն ու ակնկալել յաւելեալ ճնշում Պաքուի նկատմամբ։ Այս առաջարկի ընդունումը կրնայ ներքաղաքական լարումի սաստկացման նոր պատճառ մը դառնալ։

Ռուբէն Վարդանեանի եւ իր բեւեռի կարծիքը Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութիւններու  վերաբերեալ, կարծէք, այն է, որ անոնք պէտք է տեղի ունենան միջազգային ձեւաչափով։ Սակայն մարդասիրական ճգնաժամէն ելքեր գտնելու հարցին մէջ յստակ լուծումներու  մասին չի խօսուիր։ Կան բազմաթիւ յայտարարութիւններ պայքարի անհրաժեշտութեան մասին, բայց չկայ խօսք ո՛չ այդ պայքարի ճանապարհային քարտէսի, ո՛չ ալ այն գործիքակազմերուն  ու միջոցներուն  մասին, որոնց շնորհիւ կարելի կ՚ըլլայ մղել այդ պայքարը։

Մօտակայ շաբաթներու  ընթացքին այս երեք հիմնական դերակատարներու  միջեւ ուժերու յարաբերականութենէն կախուած պիտի ըլլայ, թէ ո՛ր մօտեցումները պիտի գերիշխեն Արցախի մէջ։ Խորացող մարդասիրական ճգնաժամի ենթախորքին քաղաքական զարգացումները եւս կրնան անկանխատեսելի ընթացք ստանալ։

Արեւմտահայերէնի պատշաճեցում՝ «ՆՅ»