Դեկտեմբեր 14-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսեյ Օվերչուքը: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:
Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու միջև տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներու ծիրին մէջ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու այժմէական հարցերը, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ձեւաչափով գործակցութեան առնչուող նիւթեր: Անոնք անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի երթեւեկի եւ տնտեսական հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն:
Վարչապետը նշած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը եւ պատրաստ է ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ ապաշրջափակելու տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ենթակառոյցները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։