Յուլիս 7-ին տեղի ունեցած ՀՀ կառավարութեան նիստին, վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստան–Թուրքիա բանակցութիւններուն։
Ան յիշեցնելով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու վերջին հանդիպումին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը կը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ կողմերը օդային ճամբով բեռնափոխադրումներ կը կատարեն, ընդգծած է հետեւեալը.-
“Հիմա շատ կարեւոր է, որ մեր գերատեսչութիւնները Թուրքիայի համապատասխան գերատեսչութիւնների հետ աշխատեն, որովհետեւ քաղաքական համաձայնութեան իրագործումը աշխատանքով է պայմանաւորուած։ Պէտք է համակարգենք աշխատանքը, որ հնարաւորինս շուտ կարողանանք իրագործել ձեռք բերուած համաձայնութիւնները”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։