Նիսի Հայ երաժշտութեան եւ արուեստի կաճառը Հոկտեմբեր 13-ին մեծարանքի երեկոյթ մը կազմակերպեց նուիրուած՝ երկար տարիներ ոսուցչական ասպարէզին մէջ գործած Տիկին Այտա Դանիգեանին:
Կաճառի նախագահուհի՝ Տիկին Նատիա Նաքաշեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, գեղարուեստական բաժնի եւ «Սայեաթ Նովա» երգչախումբի ղեկավար Պարոն Խաչիկ Եըլմազեան ներկայացուց ելոյթը մանրամասն, միաժամանակ հաճելի ոճով մը: Ան խօսեցաւ հայապահպանման դժուարութեանց մասին մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, յիշեց թէ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ իր ազգային դիմագիծը պահպանելու եւ քաղաքակիրթ ազգերու շարքին դասուելու վճռակամութեամբ կառչած է իր մշակոյթին, դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ մա՛նաւանդ իր մայրենիին, հակառակ քաղաքական, տնտեսական եւ աշխարհագրական բազմաթիւ դժուարութեանց: Գնահատեց մեր պատմութեան մեծերը եւ անոնց դերը հայապահպանման դժուարին գործին մէջ, գլխաւորութեամբ մեր առաջին հայ ոսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ աջակից Սահակ Պարթեւի, որոնք հիմնեցին մեր գրականութեան ողնաշարը՝ մեր այբուբենը: Պարոն Եըլմազեան խորապէս գնահատեց հայ ուսուցիչները, մշակութային միութիւններու հիմնադիրները, ազգային բարերարները, հայ աշակերտն ու անոր ծնողքը եւ անոնց դերը հայապահպանման սուրբ գործին մէջ, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ ուր օտարամոլութեան հոսանքը մեծ է եւ ազդու՝ հայ պատանիին վրայ, ապա ներկայացուց Տիկին Դանիգեանի կենսագրականն ու գործունէութիւնը:
Ան ծնած է 1940-ին Պոլիս. տեղւոյն ուսումնական եւ ուսուցման վկայականները ստանալէ ետք, ուսուցչական պաշտօն վարած է Պէզճեան, Տատեան, Մէրամէթեան վարժարաններուն մէջ, ապա՝ տնօրէնութեան պաշտօն՝ Պէզճեան մայր վարժարանին մէջ:
1979-ին ընտրուած է Պոլսոյ ուսուցչաց միութեան վարչութեան անդամ եւ վարած է ատենապետուհիի պաշտօն: 1984-ին Ֆրանսայի մէջ ստացած է DUT-ի վկայականը (Finances – Comptabilité)։
Փարիզ հաստատուելէ ետք, իր հին աշակերտներուն օգնութեամբ կազմած է ACAF երգի-պարի միութիւնը, որ կը տեւէ մինչեւ այսօր: 1988-ին Նիս այցին, կը ծանօթանայ տեղւոյն Կրօնական ընկերակցութեան վարչութեան անդամներուն, որոնց առաջարկով կը ստանձնէ նորակառոյց Պարսամեան ամէնօրեայ մանկապարտէզի տնօրէնութեան պաշտօնը, հրաժարականը ներկայացնելով Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ եւ Թավերնիի Հայ լեզուոյ կեդրոն միօրեայ վարժարաններուն:
Իր պաշտօնավարած շրջանին մանրամասն պրպտումներով կը յաջողի բանալ նախակրթարանի բաժինը, ամէն տարի դասարան մը աւելցնելով: Նիւթական պատճառներով 1997-ին կը հեռացուի իր պաշտօնէն: 1999-ին Նիսի Մշակութային միութեան ատենապետուհի կ՚ընտրուի մինչեւ 2020:
* * *
Ելոյթի ընթացքին կարդացուեցան Տիկին Դանիգեանի վաղեմի աշակերտներուն կողմէ Պոլսէն ու Փարիզէն ղրկուած գնահատանքի եւ երախտագիտութեան մօտ 20 նամակներէն երեքը: Ելոյթը մերթ ընդ մերթ ընդհատուեցաւ Կաճառի մենակատարներուն կողմէ երգուած սքանչելի հայերէն երգերով, ինչպէս Դանիա Պօշնաքեան,– որ մեկնաբանեց «Սիրելի ուսուցիչ»-ը,– Անուշ Բարսեղեանց, Անայիս Չալըքման, Նելլի Եղիազարեան եւ Սուսաննա Արմական, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ալեքսանտրա Տօնիքի:
Ելոյթի աւարտին, փակման խօսքը արտասանեց Տիկին Դանիգեան, շատ յուզուած եւ զգածուած, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպողներուն, մասնակցողներուն, մենակատարներուն եւ ներկայ հոծ բազմութեան, որոնք իրեն պարգեւեցին այս անմոռանալի ուրախ պահերը:
Ըստ իս՝ պէտք է մեծարել ու գնահատել մեր անձնուէր բոլոր ազգայինները իրենց ողջութեան եւ ո՛չ թէ երկար դամբանականներ կարդալ անոնց մահէն ետք, պէտք է ծաղիկներ նուիրել արժանի անձին եւ ո՛չ թէ անոր տապանաքարին, միշտ մտաբերելով մեր անմահ Գրիգոր Զօհրապի «Կոտրելէն ետքը»:
Լենա Չոլաքեան ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։