Այս մասին արդէն քանի մը ամիս առաջ աղմուկ բարձրացած էր եւ մենք ալ անդրադարձած էինք։ Բայց այս անգամ խնդիրը լուրջ բնոյթ ստացած է, քանի որ ամերիկեան արդարադատութիւնը պաշտօնապէս մեղադրանք յարուցած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմսին՝ կաշառակերութեան եւ 2021-ի իր քարոզարշաւի ապօրինի գանձատրման յանցանքներով, որոնք առնչուած են թրքական շահերու հետ։ Ան կ՚ամբաստանուի 10 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով կաշառք, ինչպէս նաեւ յատկապէս Թուրքիոյ հիւպատոսէն աւելի քան 100 հազար տոլարի հասնող եւ զանազան ձեւերով մատուցուած նուէրներ ստացած ըլլալու մեղադրանքով։ Էտըմս այս կաշառքներուն դիմաց տեղի տուած է թրքական ճնշումներու, ներառեալ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ հրաժարելով:
Մեղադրական եզրակացութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ 2021-ին Էտըմս ճնշում բանեցուցած է տեղական իշխանութիւններուն վրայ՝ արագացնելու համար Մանհեթընի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան բացումը։ Հակառակ այս բոլոր մեղադրանքներուն՝ քաղաքապետը կը հերքէ ամէն ինչ եւ կը մերժէ հրաժարական տալ՝ իր դէմ ըսուածները զրպարտութիւն անուանելով։ Այս դէպքը բնականաբար իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ Նիւ Եորքի հայ համայնքին ու քաղաքի իշխանութիւններուն միջեւ, ինչպէս նաեւ լուրջ հարցադրումներու տեղի կու տայ Թուրքիոյ ազդեցութեան վերաբերեալ:
Կ՚արժէ նշել, որ թրքական կողմին ու Էտըմսի միջեւ միջնորդութիւնը կատարողն ալ ազերպայճանուհի մը եղած է, յանձին Ռանա Ապպասովայի, որ այլ ոչ ոք է, քան քաղաքապետի կցորդը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։