ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Արարատ Միրզոյեան.– “Ազերպայճանի բանակը պէտք է քաշուի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն”

 

Սեպտեմբեր 19-ին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր համաժողովի 77-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան ընդգծած է, որ ազերպայճանական զինուած ուժերը պէտք է քաշուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը անընդունելի է, իսկ հետագայ գրգռութիւնները կանխելու նպատակով պէտք է ներդրուին միջազգային գործիքակազմեր։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է մարդասիրական խնդիրներու, այդ կարգին` ռազմագերիներու հայրենադարձման շուտափոյթ լուծումը։

Խմբագրական