Օգոստոս 16-ի իրիկունը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը՝ Արցախեան տագնապի օրակարգով գումարած իր նիստին, շուրջ երկու ժամ շարունակուած քննարկումներէ ետք, առայժմ յստակ չէ՝ բանաձեւ մը կամ յայտարարութիւն մը պիտի ընդունի՞, թէ՞ ոչ։ Մինչ այդ Խորհուրդի 15 երկիրներու ներկայացուցիչներու գերակշռող մեծամասնութիւնը համակարծիք եղած է, որ մարդասիրական խնդիրնեը չեն կրնար օգտագործուիլ իբրեւ մահակ 120 հազար մարդու իրաւունքները ճնշելու համար: Դիւանագէտներու մեծ մասը յստակօրէն ընդգծած է, թէ Բերձորի միջանցքը պէտք է բացուի, իսկ միւսները հնարաւոր համարած են նաեւ այլ երթուղիներու գործարկումը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր ելոյթին ընդգծած է, թէ ի՛նչ ակնկալիքներով հայկական կողմը նման հրատապ նիստ հրաւիրած է:
“Մենք այս Խորհուրդէն կ՚ակնկալենք դատապարտել քաղաքացիական անձերու նկատմամբ, իբրեւ ռազմական գործելաձեւ, սովի կիրարկումը, կոչ կ՚ընենք անյապաղ վերականգնելու Լաչինի միջանցքով մարդոց, երթեւեկի միջոցներու և բեռներու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ համաձայն նախապէս գոյացած համաձայնութիւններու, Լեռնային Ղարաբաղ ղրկել կարիքներու գնահատման անկախ միջգերատեսչական առաքելութիւն եւ տուժած բնակչութեան տրամադրել մարդասիրական օգնութիւն”,– նշած է Միրզոյեան եւ ընդգծած.
“Այսպիսի աղէտի կանխումը ՄԱԿ-ի եւ այս Խորհուրդի հիմնական պարտականութիւնն է: Ես իրապէս կը կարծեմ, որ այս նշանաւոր կառոյցը, հակառակ աշխարհաքաղաքական տարակարծութիւններուն, կրնայ հանդէս գալ իբրեւ ցեղասպանութիւնը կանխող, այլ ոչ թէ ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող կառոյց, երբ արդէն շատ ուշ պիտի ըլլայ”:
Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Նաթալի Էսթիվալ-Պրոտհըրսթ յայտնած է, թէ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին փակումը կը շարունակէ աշխարհէն մեկուսացնել Արցախի բնակչութիւնը՝ առանց այդ իրավիճակը հիմնաւորող որեւէ իրաւաչափ պատճառի եւ այդ քայլը կը հակասէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներուն։
“Այս կացութիւնը, գումարած կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանումները, ջրային պաշարներու ցամքեցումը, դժուարութիւնները, զորս կը կրէ բնակչութիւնը սերմնացու գտնելու…, այժմ արդէն յանգած է մարդասիրական ճգնաժամի։
Ֆրանսա կը դատապարտէ այս իրավիճակի հետեւանքները մեղմելու համար Հայաստանի իշխանութիւններու ուղարկած մարդասիրական բեռներու փոխադրութեան՝ Ազերպայճանի դրած արգելքը”,– նշած է ֆրանսացի դիւանագէտը։
“Կը յորդորենք Ազերպայճանի կառավարութեան վերականգնել Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը, որպէսզի մարդասիրական ու քաղաքացիական կառքերը հասնին Լեռնային Ղարաբաղ: Մենք նաեւ կ՚ընդգծենք մարդասիրական մատակարարումներուն համար յաւելեալ երթուղիներու խնդրով փոխզիջման յանգելու կարեւորութիւնը”,– յայտարարած է նիստին նախագահող Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
Ռուսաստանի ներկայացուցիչը պնդած է, թէ Մոսկուա կողմերուն քանի շաբաթ առաջ արդէն առաջարկած է իրատես, փոխզիջումային լուծումներ` լարումը թօթափելու համար: “Խօսքը Աղդամի եւ Լաչինի միջանցքները միաժամանակ բանալու մասին է` քաղաքացիական անձերու եւ ոչ-ռազմական բեռներու փոխադրութեան համար”:
“Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը վնաս կը հասցնէ խաղաղութեան գործընթացին”,– իր կարգին պնդած է Եւրոպական Միութեան դեսպանը՝ նշելով, որ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը անցեալ ամիսներուն հրադադարը խախտող շարք մը դէպքեր արձանագրած է հայ-ազերպայճանական սահմանին:
Պաքուի ներկայացուցիչը, սակայն, կտրականապէս հերքած է մեղադրանքները.– “Սովի ու ցեղասպանութեան մասին պնդումները կեղծ են ու մտացածին”,– յայտարարած է Եաշար Ալիեւ:
“Ազերպայճան Արցախի շրջանի հայերը վերահամարկելու քաղաքականութիւն կը վարէ` զանոնք համարելով հաւասար քաղաքացիներ, ու կ՚երաշխաւորէ Ազերպայճանի սահմանադրութեամբ նախատեսուած բոլոր իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Մենք վճռակամ ենք՝ պաշտպանելու մեր ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը”,– յոխորտացած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։