Search
Close this search box.

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց Ազերպայճանցիները յարձակած են յանուն Արցախի բողոքի ցոյցի մը մասնակցող Հայուհիի մը վրայ

Օգոստոս 16-ին, քանի մը Ազերպայճանցի յարձակած են Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր գրասենեակին դիմաց ի պաշտպանութիւն Արցախի բողոքի ցոյց կատարող հայուհիի մը վրայ։ Հրապարակուած տեսանիւթէն յայտնի կը դառնայ, որ անոնք հարուածած են աղջկան կռնակին, որու հետեւանքով ան վիրաւորուած է։

Աւելի ուշ, երիտասարդ Հայուհիին վրայ յարձակում գործած Ազերպայճանցիին դէմ ոստիկանութեան կողմէ պաշտօնապէս մեղադրանք յարուցուած է։