Search
Close this search box.

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Միրզոյեան՝ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն. «Յաջորդ քայլով Պաքու կրնայ միջանցք պարտադրել Հայաստանին»

Սեպտեմբեր 23-ին ալ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր համաժողովի ամպիոնէն յայտարարած է, թէ Ազերպայճան կ՚ընթանայ պատերազմի ճամբով՝ արհամարհելով միջազգային հանրութեան կոչերն ու սկզբունքները. “Պաքու ոչ թէ խաղաղութիւն կ՚ուզէ, այլ բացայայտօրէն կը յայտարարէ, թէ ուժը ծնունդ կու տայ իրաւունքին։ Ուղերձը յստակ է՝ դուք (միջազգային հանրութիւնը) կրնաք խօսիլ խաղաղութեան մասին, իսկ մենք կրնանք ընթանալ պատերազմի ճամբով եւ դուք պիտի չկարենաք բան մը փոխել”։

Միրզոյեան անգամ մը եւս կրկնած է՝ ՄԱԿ-ի լիազօրութեան ներքոյ Արցախի մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղադրելու հրամայականը, ընդգծելով՝ «յապաղման պարագային Արցախի բնակչութիւնը կրնայ ցեղասպանութեան ենթարկուիլ»։

Նախարարը միաժամանակ զգուշացուցած է, յայտարարելով, որ Պաքու՝ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններով պիտի չսահմանափակուի եւ յաջորդ թիրախը կրնայ դառնալ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը:

“Յաջորդ նպատակը կրնայ ըլլալ Հայաստանին ստիպողաբար արտատարածքային միջանցք պարտադրելը, միջանցք, որ կ՚անցնի Հայաստանի տարածքով, բայց դուրս կ՚ըլլայ մեր վերահսկողութենէն”,– նշած է Միրզոյեան, աւելցնելով, որ միջանցքի հարցը անընդունելի է Հայաստանի համար եւ պէտք է անընդունելի ըլլայ նաեւ միջազգային հանրութեան համար։