Նոյեմբեր 10-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս պատարագի համահայկական աղօթք կը կատարուի արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, յատ-
կապէս Ազերպայճանի առեւանգած, գերեվարած եւ շին-
ծու մեղադրանքներով ապօրինաբար Պաքուի մէջ բանտարկած զինուորներու, քաղաքացիական անձերու եւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն համար։
Ամենայն հայոց հայրապետի կոչին ընդառաջ՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու ժողովը յորդորած են իրենց անդամ եկեղեցիներուն ու բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց Նոյեմբեր 10-ին միանալ Հայաստանին եւ արցախահայութեան նուիրուած աղօթքին։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։