Search
Close this search box.

Նոր կառավարութիւնը՝ Հայաստանի ու Արցախի նպաստաւոր

ՖՐԱՆՍԱ-ԱՐՑԱԽ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿ

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, Փարիզ – Անցեալ շաբաթավերջին յայտնի դարձաւ նոր կառավարութեան կազմը։ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը ուրախ է այս կառավարութեան կազմին մէջ գտնելով Հայաստանի եւ Արցախի բազմաթիւ բարեկամներ, որոնց կը յայտնէ յաջողութեան իր ջերմ մաղթանքները։

Վարչապետ Միշէլ Պարնիէ Հայաստանի ու Արցախի ջերմեռանդ պաշտպանն է. ան այցելած է Հայաստան ու Արցախ 2021 Դեկտեմբերին՝ 2022 թուականի նախագահական ընտրութեան՝ «Հանրապետականներ»-ու թեկնածու Վալերի Փեքրէսի եւ Պրիւնօ Ռըթայոյի հետ, վերահաստատելու իր աջակցութիւնը հայկական դատին։

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը ջերմօրէն կ՚ողջունէ Ներքին գործոց նախարար Պրիւնո Ռըթայոյի մուտքը՝ կառավարութիւն, ան որ այնքան ջանասիրաբար աշխատած է Հայաստանի ու Արցախի համար, ծերակոյտին մէջ: Ան եղած է Ծերակոյտի՝ Արցախի վերաբերեալ միջազգային տեղեկատուական խումբի նախագահ եւ միշտ զգօնութիւն ցուցաբերած է զգուշացնելու համար Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացող վտանգներուն մասին, յատկապէս իր նախաձեռնած միջոցառումներով:

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կ՚ողջունէ երեք հայազգի նախարարներու մուտքը, որոնք նուիրուած են Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան։ Անոնք են՝ Աշխատանքի նախարար Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէն, Հանրային ծառայութեան նախարար Կիյոմ Գասպարեանն ու Տնտեսութեան, ելեւմուտքի ու արդիւնաբերութեան նախարար Անթուան ​​Արմանը։

Հայաստանի ու Արցախի ուրիշ երեք մեծ բարեկամներ եւս մաս կը կազմեն նոր կառավարութեան. ասոնք են Նիքոլա Տարակոնը՝ Ամէնօրեայ ապահովութեան գծով Ներքին գործոց նախարարի պատուիրակը, որ իբրեւ Վալանսի քաղաքապետ, իր քաղաքին մէջ միշտ ալ գործած է ի նպաստ հայկական հարցի։ Երկրորդն է՝ Արդարադատութեան նախարար Տիտիէ Միկօն, որ 1990-ականներուն եղած է այն առաջին խորհրդարանականներէն, որոնք մտահոգուած էին Արցախի իրավիճակով: Ան նաեւ հանդէս եկած է քանի մը օրէնքի նախաձեռնութեամբ, որոնք կը նախատեսէին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին պատժելիութիւնը։ Եւ վերջապէս, Պենժամէն Հատտատը՝ Եւրոպայի հարցերու գծով Արտաքին գործոց նախարարի պատուիրակը, որ նոյնպէս հայկական ժողովրդավարութեան պաշտպան մըն է։

Հուսկ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կ՚ողջունէ Սեպասթիէն Լըքոռնիւի՝ Զինուած ուժերու նախարարի պաշտօնին վերանշանակումը, Անն Ժենըթէի նշանակումը Ազգային կրթութեան եւ Լոռան Սէն-Մարթէնի՝ Պիւտճէի եւ հանրային հաշիւներու գծով վարչապետին կից նախարար նշանակումը։ Անոնց երեքն ալ Հայաստանի ու Արցախի մօտիկ անձնաւորութիւններ են։

“Ես կրնամ միայն հրճուիլ ի տես այս նոր կառավարութեան, որ իր կազմին մէջ ունի Հայաստանի ու Արցախի բազմաթիւ բարեկամներ՝ սկսած վարչապետէն։ Ինծի համար սա վստահութեան լրացուցիչ երաշխիք է իրենց վստահուած առաքելութեան նկատմամբ։ Ազատութեան, ժողովրդավարութեան ու արդարութեան կողմը ընտրած այս անձնաւորութիւնները իսկական հանրապետականներ են։ Անոնց կը յայտնեմ իմ խորին բարեմաղթանքները”,– կ՚ըսէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի։