Թարգմանութիւն՝ Հուրի Վարժապետեանի
2024 Սեպտեմբեր 13-ին լոյս տեսած է Վահան Թէքէեանի (1878–1945) «Կեսարիա – Ճամբորդական նոթեր» (Césarée – Notes de voyage)՝ Ֆրանսերէնով հատորը, թարգմանութեամբ՝ Հուրի Վարժապետեանի, «Parenthèses» հրատարակչատունէն։ Գին՝ 18 եւրօ։
Մարսիլիայէն եւ Գահիրէէն Պոլիս վերադարձին, Վահան Թէքէեան 1913-ին գնացքով կ՚ուղղուի դէպի Կեսարիա՝ իր հայրենի բնակավայրը, որու պատմութիւնները օրօրած են իր մանկութիւնը։ Ամբողջ ճամբու ընթացքին ան գրի կ՚առնէ իր տպաւորութիւնները։ Այս ճամբորդութիւնը կը տեւէ հինգ ամիս (1913 Սեպտեմբեր – 1914 Յունուար)։
Թէքէեան ճշգրտօրէն կը նկարագրէ իր ճամբորդութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումները, տարբեր տեսարանները եւ քանի մը տասնեակ գիւղերը…։
Թէքէեանի «ճամբորդական օրագիրը» կը ներկայացնէ երիտասարդի մը հարազատ հայեացքը, որ կը բացայայտէ իր արմատներն ու ընտանիքին պատմութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, 2016-ին Պոլսոյ «Ժամանակ»-ի 100-ամեակի մատենաշարէն լոյս տեսած է Թէքէեանի սոյն հատորը՝ «Կեսարիա. երթուդարձի եւ բնակութեան օրագիր մը» խորագրով (175 էջ), զոր կազմած ու խմբագրած են գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։