«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր, ամերիկահայ գործարար Նուպար Աֆէեան անդրադարձած է Արցախի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամին:
«Իբրեւ դար մը առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու ժառանգ՝ ես սարսափելի եւ անմարդկային կը համարեմ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը»,– X-ի իր հաշիւին գրած է Աֆէեան՝ յիշեցնելով միջազգային պատժական դատարանի հիմնադիր, նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի՝ Օգոստոս 9-ին հրապարակած զեկոյցը, ուր յստակօրէն նշուած է, թէ Ազերպայճան ցեղասպանութիւն կը գործադրէ Արցախցիներու նկատմամբ եւ թէ սովը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։