Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24-ին, պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ մեծահամբաւ արուեստագէտին անունը կրող բացատին, ներկայութեամբ ի մասնաւորի անոր որդւոյն՝ Միշա Ազնաւուրի, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգապետ Մարթին Վասալի։
Բացատը կը գտնուի Սէն-Ժիւսթ թաղամասին մէջ՝ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի շէնքին դիմացը:
Վայրին՝ Փրովանսի եւ Մարսիլիոյ սիրահար արուեստագէտին անունը կրելը նշող՝ ապակեայ եւ պողպատեայ յուշատախտակ մը զետեղուած է, որուն վրայ կայ նաեւ անոր գեղեցիկ մէկ լուսանկարը։
Բացման արարողութեան ունեցած իր ելոյթին՝ Միշա Ազնաւուր ի միջի այլոց ըսած է. “Հայրս միշտ պաշտպան կանգնած է Մարսիլիոյ եւ շատ յուզիչ է հոս տեսնել այս յուշատախտակը”։
Շառլ Ազնաւուր, որ մահացաւ 2018 հոկտեմբերին, 94 տարեկանին, հաստատուած էր Ալպիյ կոչուող լեռնաշղթային վրայ գտնուող Մուրիէս աւանը, որ հանդիսացաւ անոր վերջին հանգրուանը։ Անոր տունը կը գտնուէր հեռատեսիլի նշանաւոր հաղորդավար Միշէլ Տրիւքերի տան մերձաւորութեամբ։ Հոն, Ազնաւուր վերջին տարիներունան սկսած էր նաեւ ձէթ արտադրել։
Կ՚արժէ նաեւ նշել, որ աշխարհահռչակ արուեստագէտը իր առաջին ելոյթները ունեցած է յատկապէս Մարսիլիոյ մէջ՝ Ալքազար սրահը, ինչպէս Տալիտա կամ Իվ Մոնթան: Ազնաւուր իր վերջին համերգն ալ տուած է 2018 Յունուար 23-ին Մարսիլիոյ Տոմին մէջ, որ կը գտնուի ոչ շատ հեռու այսօր իր անունը կրող այս բացատէն։ Շառլ Ազնաւուր 2013-ին պարգեւատրուած էր Մարսիլիոյ պատուոյ քաղաքացիի մեծ շքանշանով։ Յիշեցնենք, որ աշխարհի տարածքին վաճառուած է արուեստագէտին աւելի քան 180 միլիոն ձայնասկաւառակը։
Շառլ Ազնաւուրի անունով մէկ այլ հրապարակի եւս բացումը տեղի կ՚ունենար, այդ մէկն ալ Էքսի մէջ, զբօսաշրջութեան գրասենեակին դիմացը, հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26-ին:
Երգիչին կեանքին մասին պատմող ֆիլմն ալ շարժանկարի սրահներու մէջ պիտի սկսի ցուցադրուիլ Հոկտեմբեր 23-ին։ Թահար Ռահիմ կը մարմնաւորէ մեծն Շառլը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։