Շարժանկարի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին բացումը՝ Յուլիս 10-ին

Շարժարուեստի աշխարհին մէջ, իր ստեղծումէն 18 տարի ետք, այլեւս միջազգային համբաւի տիրացած՝ Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան» աւանդական փառատօնը այս տարի կը սկսի Յուլիս 10-ին, Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ։ Փառատօնը բացի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակցող ֆիլմերէ, պիտի հիւրընկալէ նաեւ ամէնէն հեղինակաւոր փառատօներէ ծաղկաքաղ մըն ալ ան։  

Բացումին պիտի ներկայացուի «Ամերիկացի» ժապաւէնը, որ 2022-ին նկարահանուած է հայեւամերիկեան համագործակցութեամբ։

ՀՀ Շարժանկարի ազգային կեդրոնին աջակցութեամբ պատրաստուած այս ֆիլմը կը պատմէ փոքրիկն Չառլիի ոդիսականին մասին, որ ճամպրուկի մը մէջ պահուըտելով Ամերիկա հասած է, ճողոպրելով Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն։ 

Ֆիլմը կը սկսի 1947-ին Չառլիի Հայաստան հայրենադարձութեան եւ Խորհրդային Միութեան դժուար պայմաններուն առերեսման պատումով։

«Ամերիկացի» ժապաւէնի բեմագիրն ու բեմադիրն է բնիկ ամերիկահայ Մայքըլ Անդրանիկ Կիւրճեան։ Նաեւ դերասան ու գրող Կիւրճեան “David’s Mother” ժապաւէնին մէջ ստանձնած իր դերով՝ լաւագոյն օգնական դերասանի “Emmy” մրցանակը շահած է։ 

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնը պիտի տեւէ մէկ շաբաթ։ Կ՚աւարտի Յուլիս 17-ին։ 

Խմբագրական