Արդէն յայտարարուած են «Օսքար»-ի 96-րդ մրցանակաբաշխութեան զտեալ ցանկերը (shortlist): Արտադրող Արման Նշանեանի եւ բեմադիր Մայքլ Գուրջեանի «Ամերիկացի» ժապաւէնը հասած է «Օսքար»-ի եզրափակիչ փուլին՝ լաւագոյն միջացգային խաղարկային ֆիլմ անուանակարգին մէջ։ Հայկական շարժարուեստի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ հայկական ժապաւէն մը կը յայտնուի «Օսքար»-ի զտեալ ցանկին վրայ:
«Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան ներկայացուող ֆիլմերուն վերջնական ցանկը կը յայտարարուի 2024 Յունուար 23-ին, իսկ «Օսքար»-ի արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ 2024 Մարտ 10-ին, Լոս Անհըլըսի Dolby թատերասրահին մէջ. ան կը հեռարձակուի ABC ուղղակի հեռարձակումով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։