Search
Close this search box.

ՇԱՐԺԱՐՈՒԵՍՏ – «1489» հայկական ժապաւէնը արժանացած է IDFA-ի գլխաւոր մրցանակին

Ամսթերտամի՝ փաստագրական ֆիլմերու ամէնէն հեղինակաւոր փառատօնին (IDFA –   International Documentary Festival Amsterdam), հայկական «1489» ժապաւէնը արժանացած է գլխաւոր մրցանակին («Լաւագոյն ֆիլմ»)։ Հեղինակը Շողակաթ Վարդանեանն է։

Դատակազմը իր գնահատականին մէջ նշած է.

«Ժապաւէնը հանդէս կու գայ որպէս թափանցող լոյս մը, որ տեսանելի կը դարձնէ թաքնուած հսկայական վիշտը եւ կը ստեղծէ շօշափելի ներկայութիւն՝ անտանելի բացակայութենէն: Շարժարուեստը՝ որպէս գոյատեւման գործիք՝ թոյլ կու տայ մեր բոլորին, նայիլ այն բաներուն, զորս մենք պիտի նախընտրէինք չտեսնել: Եւ, վերջապէս, այս ժապաւէնը շարժարուեստի անմոռանալի նմուշ մըն է՝ որպէս սիրոյ ապացոյց»:

Շողակաթ Վարդանեանի ժապաւէնին անուանումը 44–օրեայ պատերազմին անոր զոհուած եղբօր՝ Սողոմոնի մարմնին տրուած թիւն է՝ 1489։ Տղան անհետացած էր 2020 Հոկտեմբերին։ Երիտասարդ բեմադիրը, օգտագործելով իր հեռաձայնի ոսպնեակը, նկարահանած է եղբայրը գտնելու իր բոլոր որոնումները եւ փաստագրած այն ճամբաները, որոնցմէ ինք եւ իր ընտանիքը ստիպուած անցած էին…: