Շիի խմբաւորման մը գործիչներ Օգոստոս 5-ին յարձակած են Ազերպայճանի Լոնտոնի դեսպանատան շէնքին վրայ։
«Մահտիի ծառաներու միութիւն» կոչուող շիի կրօնամոլ կազմակերպութեան խումբ մը անդամներ ներխուժելէ ետք Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ազերպաճանական դեսպանատան շէնք, պատերուն արաբատառ արձանագրութիւններ գրած, իրենց դատին վերաբերող պաստառներ պարզած են ու որոշ ժամանակ դեսպանատունը գրաւեալ վիճակի մէջ պահած են, նախքան ոստիկաններու միջամտութիւնը։
Բրիտանական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է յարձակողները։ Դէպքին առնչութեամբ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութիւններէն պահանջած է ապահովել իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան եւ դիւանագէտներուն անվտանգութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի արարքին դրդապատճառներուն, այնպէս կը թուի թէ՝ վերոնշեալ խմբաւորման անդամները այսպէսով կ՚ուզէին բողոքել սիւննի Ազերպայճանի մէջ շիի փոքրամասնութեան ենթարկուած ճնշումներուն դէմ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։