Շուշիի Կանաչ ժամ հայկական եկեղեցին ամբողջովին աւերուած է Ազերպայճանցիներու կողմէ

Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ ժամ հայկական եկեղեցին ամբողջովին աւերուած է Ազերպայճանցիներու կողմէ։ Այժմ վերանորոգման անուան տակ կը վերածուի ուղղափառ եկեղեցիի։ Լուրը հաղորդած է Արցախի Հանրապետութեան Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւնը, որ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուած է.-

«Շուշիի յուշարձաններու մէջ առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Վերին թաղի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ ժամ եկեղեցին: Կանաչ ժամ (կանաչ եկեղեցի) կոչուած է այն պատճառով, որ օրին եկեղեցւոյ գմբէթը եղած է կանաչ գոյնի: Եկեղեցւոյ զանգակատան մուտքի վերնամասին գոյութիւն ունի կառուցման տարեթիւի մասին արձանագրութիւն. “Բաբայեան Ստեփանոս Յովհաննէս: Վախճանած Մկրտիչ եղբօր յիշատակին, 1847”:

Վերջերս ընկերային ցանցերու օգտատէր ոմն Էլնուր Ալլահվերդիեւ վերադարձած է Կանաչ ժամ եկեղեցին ռուսականացնելու ապաշնորհ գործին: Հարկ է նշել, որ եկեղեցւոյ ռուսականացման թափը Ազերպայճանի մէջ նոր երեւոյթ մը չէ: Օրին Ֆուատ Ախունդովն էր  անհիմն կերպով  զայն համարած  “ռուս ուղղափառներու եկեղեցի”: 1960-ականներու կէսերուն Պաքուի մէջ որոշած են քանդել քաղաքի հայկական մասը՝ ազերպայճանցի վերաբնակիչներու համար “բնակելի տարածքը” ընդլայնելու եւ ի հարկէ Շուշիի հայկական հետքերը վերացնելու նպատակով: Այդ ընթացքին քանդուած են մէկ ռուսական եւ երեք հայկական եկեղեցիները, ոչնչացուած քանի մը հայկական գերեզմանատուներ՝ գեղեցիկ խաչքարերով եւ յուշարձաններով:

Կանաչ ժամ եկեղեցին վերածուած է պատկերասրահի:

Իսկ ո՞րն է Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ նախապատմութիւնը: Պահպանուած է վկայութիւն մը, որուն համաձայն՝ 1840-ին իշխանութիւններու յատուկ կարգադրութեամբ, ապագայ Վերին թաղ փոխադրուած են Ներքին թաղի մահմետական միջավայրի մէջ ապրող բոլոր Հայերը՝ 56 ընտանիք (ՀԱԱ Арм. Ֆ. 56. ց. 1. գ 2199. թ.1 -2), որոնք Ներքին թաղի մէջ ունէին քարաշէն, փայտեայ ծածկով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ կը փաստէ թաղամասի Հայերու մեծ թիւին մասին: Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ մահմետականներու կողմէ Հայերը ճնշումներու կ՚ենթարկուէին, եւ այդ էր վերջիններուս վերաբնակեցման պատճառը (ՀԱԱ Арм. Ֆ. 56. ց. 1.. գ 2199. թ.1 -2):

Այդ նոյն փաստաթուղթէն յայտնի կը դառնայ, որ Վերին թաղ փոխադրուելէ ետք, նոր վայրին մէջ կառուցուած է փայտաշէն մատուռ մը, որ պահպանուած է մինչեւ 1848 թ., երբ անոր տեղը կառուցուած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ քարաշէն եկեղեցին: Հետաքրքրականը այն է, որ երկար ժամանակ այդ եկեղեցին կը կոչուէր Վերին թաղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Քաղաքի վարի տարածքին, մօտաւորապէս այժմու գոց շուկայի վայրին մէջ կը գտնուէր ռուսական դասական ճարտարապետական բնազարդերով (motif) կառուցուած բիւզանդածէս ուղղափառ եկեղեցին, ռուս պաշտօնեաներու եւ կայազօրին համար, որ դժբախտաբար չէ պահպանուած:

Ինչ կը վերաբերի Էլնուրի մտքի ճամարտակման՝ ուղղափառ եկեղեցիին յարիր գմբէթին վերաբերեալ, ապա ան պարզապէս ժամանակի ճարտարապետական ոճի ազդեցութեան հետեւանք էր, որ սակայն չէ պահպանուած, երբ Արցախեան առաջին պատերազմին աւերուած եկեղեցին հետագային վերականգնուած է:

Կրնայ ըլլալ որ վաղն ալ Էլնուր Դադիվանքի ռուսականացման փորձով ներկայանայ, ո՜վ գիտէ»: