Սեպտեմբեր 6-ին, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբը, ուղեկցութեամբ խումբին հիմնադիր, ղեկավար Զաքար Քէշիշեանի։
Ամբողջութեամբ արցախահայերէ կազմուած «Վարանդա» երգչախումբը այս օրերուն «Երգող Արցախ» խորագրով համերգային յայտագրեր կը ներկայացնէ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ։
Խմբավար Քէշիշեան տեղեկութիւններ հաղորդած է երգչախումբի հիմնադրման եւ գործունէութեան մասին։
Այնուհետեւ Նաթան սրբազան ողջունելով ներկաները, իր գնահատանքը յայտնած է երգչախումբի անդամներուն՝ հայրենիքի համար այս ծանր ու դժուար օրերուն իրենց գեղեցիկ կատարումներով հայորդիներուն ուրախութիւն, սէր, մխիթարութիւն ու ապագայի հանդէպ յոյս պարգեւելնուն համար։
Սրբազան հայրը նաեւ յորդորած է պատանիներուն Շուշին միշտ վառ պահել իրենց հոգիներուն մէջ, սիրել հայրենի Արցախը, ապրիլ եւ արարել Արցախով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։