ՀՀ Շրջակայ միջավայրի (ՇՄ) նախարարութիւնը Յուլիս 11-ին յայտարարած է, թէ Յիսուս Քրիստոսի արձանի տեղադրման վայրի ընտրութեան վերաբերեալ՝ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ որեւէ փաստաթուղթ տակաւին չէ ստացած։ ՇՄ նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ արձանի շինարարութիւնը այս պահուն կասեցուած է:
«Դրանք կը մեկնարկեն միայն պատկան մարմինների կողմից շինարարական աշխատանքները սկսելու համար համապատասխան մասնագիտական եւ փորձաքննական եզրակացութիւններն ու արտօնութիւնը ստանալուց յետոյ»,– նշուած է այս առթիւ ՇՄ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, թէ արձանին տեղադրման վայր ընտրուած Հատիս լեռը ընդգրկուած է ՀՀ բնութեան յուշարձաններու ցանկին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։