Օգոստոս 14, ժամը 00.27-ին, Երեւան-Գիւմրի կառուղիին վրայ, Լանջիկ գիւղին մօտերը ողբերգական արկած մը պատահած է, պատճառ դառնալով 11 հոգիի մահուան։ 6 ուրիշներ ալ ծանրօրէն վիրաւորուած եւ հիւանդանոց փոխադրուած են։
Այս դժբախտ պատահարին կապակցութեամբ զոհուածներու հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնած եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում մաղթած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ այլ անձնաւորութիւններ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։