Search
Close this search box.

ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ – 2024 Ֆրանսա կը դատապարտէ ազերպայճանական ապատեղեկատուական արշաւը

Ֆրանսական Viginum պետական կառոյցը, որ համացանցային արտաքին միջամտութիւններու դէմ պայքարով կը զբաղի, բացայայտած է, որ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ազերպայճանական ծագում ունեցող թուային հասցէներէ հրապարակումներով փորձ կատարուած է Ֆրանսայի պատկերը մրոտելու՝ 2024-ի Ողիմպիականներուն ընդառաջ։ 

Ծանօթ է, որ Ֆրանսա, ի մասնաւորի Փարիզ, կը հիւրընկալեն 2024-ի Ողիմպիական խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Յուլիս 26-էն Օգոստոս 11։

Viginum-ի կատարած հետաքննութենէն պարզուած է, որ անցեալ Յուլիս 26-ին եւ 27-ին, այսինքն գրեթէ 24 ժամուան ընթացքին X ընկերային ցանցին վրայ (նախկին Թուիթըր) աւելի քան 1.600 հրապարակում կատարուած է, բոլորն ալ իրարու նման նիւթերով, որոնք կոչ կ՚ընեն պոյքոթի ենթարկելու Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիականները, մութ պատկեր մը տալով Փարիզէն ու Ֆրանսայէն, յատկապէս շեշտը դնելով «հոն տիրող անապահով մթնոլորտ»-ին վրայ։ Այս հրապարակումներուն կցուած են Ֆրանսայի մէջ պատահած այս կամ այն խռովութիւններէն նկարներ։

Մէկ օրուան մէջ նոյնատիպ 1.600 հրապարակման՝ քարոզչական արշաւի երեւոյթ պարզելու ակներեւ փաստէն ճամբայ ելլելով՝ Viginum-ի կատարած հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ այդ հրապարակումներուն համար գործածուած հաշիւներու կէսը յատկապէս ստեղծուած է այդ նպատակով եւ անկէ ետք ալ չեն գործածուած, կամ չեն գոյատեւած, եւ բոլորին ալ արմատները կ՚երկարին մինչեւ Պաքու, կամ առնուազն՝ Ազերպայճանցիներու։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերի դրդապատճառին՝ բացայայտ է. Հայաստան-Ազերպայճան հակամարտութեան մէջ Ֆրանսայի որդեգրած՝ հայաստան-

եան սահմաններու անձեռնմխելիութեան աջակցելու դիրքորոշումն է։ 

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Նոյեմբեր 13-ին ապատեղեկատուական որակած եւ դատապարտած է այս արշաւը, որ ըստ Viginum-ի եզրակացութեան՝ «ազգային հիմնական շահերուն վնասաբեր բնոյթ կը կրէ»։