Search
Close this search box.

«Ողջոյն Հայաստանին» բանաստեղծութիւններու գիրքը՝ Իրանցիներու եւ Հայերու բարեկամութեան հետքերով

Իրանցի բանաստեղծ Ապպաս Էղպալ Մեհրանի «Ողջոյն Հայաստանին» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, գրուած՝ երկու տարուան ընթացքին, կը ներառէ 20 բանաստեղծութիւններ, որոնք կ՚արտացոլեն Հայերու հերոսական ոգին եւ գիտական, մշակութային ու արուեստի բնագաւառին մէջ անոնց առաջատար դիրքը:

Հատորի նախաբանին մէջ հեղինակը գրած է.– «Բանաստեղծութիւնները գրելու գաղափարը ծագեցաւ Սպահանի Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը կատարած իմ այցելութենէն եւ Հայոց պատմութիւնն ու այս սիրելի ու հարուստ մշակոյթին տէր ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնները ուսումնասիրելէ ետք, որոնք իմ սիրտը համակած են ցաւով և վիշտով»։

Ապպաս Էղպալ Մեհրան նաև  նշած է.– «Եթէ այսօր Սպահանը յայտնի է իբրեւ աշխարհի կէսը, ապա վստահաբար Հայերու ազդեցութիւնը պատմական ու գեղեցիկ այս քաղաքի շքեղութեան մէջ շատ գունեղ է։ Ջուղան Հայերու եւ Իրանցիներու բարեկամութեան եւ խաղաղ կեանքի, ինչպէս նաեւ այս երկու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ վստահութեան խորհրդանիշն է։ Իրանի աշխարհագրական տարածքին բազմաթիւ եկեղեցիներու առկայութիւնը նոյնպէս երկու ժողովուրդներու ազատութեան եւ խոր բարեկամութեան ապացոյցն է»։

Բանաստեղծը երախտագիտութիւն յայտնած է Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան փրոֆ. Արսէն Աւագեանին՝ իր հովանավորութեան համար. ան  գիրքը նուիրած է Հայաստանի ժողովուրդին: