Խոր ցաւով իմացանք ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի վարչապետի անձնական ներկայացուցիչ, դիւանագէտ ֆրանսահայ Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանի մահը, 72 տարեկանին։
Ան երկար տարիներ նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան՝ իր անգնահատելի ներդրումը ունենալով միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի շահերու եւ առաջնահերթութիւններու պաշտպանութեան գործին մէջ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
«ՆՅ» – Մեր ցաւակցութիւնները հանգուցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։